ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ԱՅՑԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Այսպէս, հիւրերը յայտնեցին, որ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպի յառաջիկայ 18-19 դեկտեմբերի շաբաթավերջին։ Անոնք կատարելի կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց համար խնդրեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը եւ տեղեկութիւններ տուին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած աշխատութեանց կապակցութեամբ։

Իր կարգին, Պատրիարք Հայրը եկեղեցիէ ներս տիկնանց կազմի տարած աշխատութիւնը գնահատեց եւ յայտնեց, որ Ս. Յակոբի տօնին կատարելի արարողութեան ինք պիտի նախագահէ։ Հուսկ, տօնախմբութեան սեմին կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն՝ իրենց գործունէութեանց մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021