ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆՑ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան իր կողքին ունենալով Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը, ընդունեց քաղաքիս մէջ գործող համաքաղաքացիական միութիւններու ատենապետները։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էին՝ Սասունի Աճար գիւղի հայոց միութենէն Գէորգ Ֆիքրի Չալըշ, Մալաթիա Հայտէրէն Նուրհան Կեզտիրիճի,  Զառացիներու միութենէն Ոսկիան Քըյմազ,  Տէրիկցիներու միութենէն Անդրանիկ Եոնթան, Վաքըֆլըգիւղցիներու միութենէն Արթին Ճան Պահարօղլու, Սասուն Պիթլիս միութենէն Արամ Տեմիր, Պուռունքըշլացիներու միութենէն Յովսէփ Արզուման եւ Սեբաստացիներու միութենէն Սեպուհ Քոչաք։ Սոյն միութիւններէն ոմանք ունին պաշտօնական կարգավիճակ, իսկ ոմանք ալ կը գործեն որպէս անուանական միութիւններ։ Անոնք իրենց հովանիին ներքեւ համախմբած են իրենց համաքաղաքացիները եւ կը ցուցաբերեն օգտակար գործունէութիւն։

Իր կարգին, Նորին Ամենապատուութիւնը պարզեց հաւաքոյթին նպատակը եւ մի առ մի հետաքրքրուեցաւ միութեանց տարած աշխատանքներով։ Ան շեշտեց, թէ համաքաղաքացիներու միութիւնները կը տարբերին սանուց եւ մարզական միութիւններէն այն առումով, որ իրենց գործունէութեան նպատակն է պահել ծննդավայր՝ գաւառի սովորութիւններն ու աւանդութիւնները եւ զանոնք փոխանցել նոր սերունդին, մանուկներուն եւ երիտասարդներուն։ Գաղափարի փոխանակումներու առընթեր ներկաներ իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին, որ երիտասարդներ տակաւ առ տակաւ կը դառնան անհասանելի։ Այս երեւոյթին գլխաւոր պատճառը այն է, որ երիտասարդներ հակառակ անոր որ ծնած են գաւառէն Պոլիս եկած ընտանիքներու երդիքին տակ, այլեւս իրենք զիրենք կը համարեն իսթանպուլցի, հետեւաբար համաքաղաքացիական միութեանց առաքելութիւնները իրենց համար հետաքրքրական դաշտ մը չեն ներկայացներ։ Ուստի, այս առումով անոնք կը դժուարանան գործօն անդամներ գտնել ու մանաւանդ՝ զանոնք ընդելուզել վարչական դրութենէն ներս։

Միութիւններէն ոմանք դժգոհութիւն յայտնեցին, քանի իրենց սեփական հաւաքատեղին չունին։ Սակայն կը գործեն՝ միշտ ի մտի ունենալով իրենց համաքաղաքացիները միութենական կապին շուրջ համախմբուած պահելու տեսլականը։ Առաջարկուեցաւ, որ համաքաղացիական միութիւնները յաճախ իրարու քով գան եւ ունենան միութենական հասարակաց հաւաքավայր մը, ուր իւրաքանչիւր միութիւն իր հաւաքման օրը ունենայ։ Այս իրականանալու պարագային անխտիր բոլոր երիտասարդներ կրնան օգտուիլ այս հաւաքավայրէն, որ իր օգտակար ներդրումը կրնայ բերել երիտասարդ սերունդի առողջ գոյատեւման։ Միութիւններ նաեւ ունէին տնտեսական հարցեր, քանի իրենց գոյութիւնը կը պահեն անդամավճարներով ու պատահական նուիրատուութիւններով։ Միւս կողմէ, համաքաղաքացիական միութիւնները իրենց վրայ զգացած են համավարակի ժխտական ազդեցութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը իրենց թելադրեց միշտ իրարու հետ կապի մէջ ըլլալ, իրարու տեղեկութիւն փոխանցել կատարելի գործունէութեանց մասին։

Ընդունելութեան աւարտին մասնակից ատենապետները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որ ընդունեց զիրենք եւ լսեց՝ իրենց գործունէութիւններն ու դժգոհութիւնները։ Առաջարկեցին ուրիշ առիթով ալ հաւաքուիլ, այս անգամ վարչական այլ անդամներու ալ մասնակցութեամբ։

Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բերուած մասնակցութեան համար, բոլորը օրհնեց եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց համայնքանուէր գործունէութեանց մէջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021