ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐ ՅԱՏԿԱՑՆԵԼ՝ ՓԱԼԱՔԱՇԵԱՆ ԿՏԱԿԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ իր նպաստը բերել մեր կրթական կեանքին՝ միշտ խրախուսելով նոր սերունդի ուսումնառութիւնը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը հետեւողականօրէն կը շարունակէ կրթաթոշակներ յատկացնել՝ Փալաքաշեան կտակի միջոցներով։ Երկար տարիներէ ի վեր ձեւաւորուած նախընթացի հիման վրայ՝ Կէտիկփաշայի ընտանիքը իր նպաստը կը բերէ մեր համայնքի համալսարանական կամ դպրոցահասակ այլ երիտասարդներու կամ պատանիներու։

Ատենապետ Մուրատ Էօզչելիքի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը այս տարի եւս կրթաթոշակներ յատկացուցած էր մեր համայնքէն ուսանողներու եւ աշակերտներու։ Համավարակով պայմանաւորուած նախազգուշական միջոցներուն պատճառով՝ տղաքը երեք տարբեր խումբով իրերայաջորդ երեք շաբաթ եկեղեցի հրաւիրուելով ստացած են իրենց համար նախատեսուած գումարները, փոխան ստորագրութեան կամ դրամատան միջոցաւ։

Այս տարի կրթաթոշակ ստացած ուսանողներու կամ աշակերտներու թիւը եղած է 157։ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը այս տուեալները համայնքային շրջանակներու նկատառման յանձնած է՝ յաջողութեան մաղթանքներ յղելով բոլոր երիտասարդներուն համար։  

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2021