ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնի առթիւ Գումգաբուի մէջ ընդունեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներն ու իրենց ընկերակիցները, որոնք փոխանցեցին իրենց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս շրջանակին մէջ հիւրընկալեց նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը։ Այցելուներու շարքին էին նաեւ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիէն Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։

Միւս կողմէ, Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ Սուրբ Ծնունդի առթիւ ընդունեց նաեւ համայնքային զանազան կառոյցներու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնները եւ յղեց Ամանորի առթիւ բարեմաղթութիւններ։ Հուսկ, աջահամբոյրի ժամանակ հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ ստացան օրհնուած նուռեր։

Չորեքշաբթի, Յունուար 10, 2024