ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ միշտ տօնախմբութեան համազօր են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձները։ Համբարձման երէկուան արարողութիւնները եկան բնորոշել հաստատութեան հիմնադրութեան 192-րդ տարեդարձը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններով դիմաւորուեցաւ այս նոր շրջանը՝ մինչ համայնքային շրջանակներն ալ ջերմօրէն ողջունեցին տարեդարձը։

Մինչ այդ, հոգաբարձութիւնը հերթական անգամ հրապարակեց տարեկան հաշուետուութիւնը, ըստ վերջին տասնամեակներուն ձեւաւորուած նախընթացին։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկագիրը անձամբ ներկայացուց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ մինչ յառաջիկայ օրերուն զայն պիտի հասցուի նաեւ համայնքային բոլոր մարմիններուն։

Հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ սարքուած սիրոյ սեղանին ընթացքին ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին յաջողութիւն մաղթեց բոլոր անոնց, որոնք այժմէն թեկնածութիւն կը յայտարարեն յառաջիկային հոգաբարձութեան ղեկը ստանձնելու համար։ Ան շեշտեց, որ հիւանդանոցի կալուածներու մեծամասնութիւնը հին շէնքերէ կը բաղկանայ։ Յառաջիկային անհրաժեշտ պիտի ըլլայ զանոնք ամրապնդել կամ վերակառուցել։ Ուստի, այժմէն պատրաստութիւններ կը տեսնուին այդ նպատակով միջոցներ խնայելու համար:

 

Ուրբաթ, Մայիս 10, 2024