ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։

Այսպէս, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ հանգանակութիւնը նախատեսուած է նոյեմբերի 26-ին։ Վարչայինները սիրոյ սեղանի ընդառաջ ներկայացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ տեղեկութիւններ տուին եկեղեցւոյ եւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ կատարուած աշխատանքներուն կապակցութեամբ։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն յղեց իր օրհնութիւնները եւ մաղթեց երկարատեւ յաջողութիւն ու կարողութիւն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2023