ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏ

Թաք­սի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Ռե­ժի­նա Ըլ­կա­րօղ­լուի փա­ռա­շուք յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ Ռե­ժի­նա Ըլ­կա­րօղ­լուի մա­հը վեր­ջին օ­րե­րուն խոր յու­զում յա­ռա­ջա­ցու­ցած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Հան­գու­ցեա­լը մօ­րա­քոյրն էր Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի։

Ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց եւ դամ­բա­նա­խօ­սեց Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը։ Ներ­կայ էր նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան, Տ. Շիր­վան Քհնյ. 

Միւր­զեան եւ Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, Աբ­րա­համ Վրդ. Ֆրա­տեան, Մի­քա­յէլ Վրդ. Ու­չար, Հայ­կա­րամ Քհնյ. Չե­քի­ճեան եւ Յա­կոբ Սրկ. Մի­նա­սեան։

Հոծ թի­ւով յու­ղար­կա­ւոր­ներ փու­թա­ցած էին ի­րենց վեր­ջին յար­գան­քը մա­տու­ցե­լու հան­գու­ցեալ Ռե­ժի­նա Ըլ­կա­րօղ­լուի նկատ­մամբ։ Ա­նոնք ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րով վշտակ­ցե­ցան Ըլ­կա­րօղ­լու եւ Շի­րի­նօղ­լու ըն­տա­նիք­նե­րուն։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին հան­գու­ցեա­լին մար­մի­նը հո­ղին յանձ­նուե­ցաւ Շիշ­լիի հայ կա­թո­ղի­կէ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

 

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2015