ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ

Գալ­ֆաեան Տան ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ։ Այս ձեռ­նար­կը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեան, մինչ ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ հրա­ժեշտ կ՚առ­նեն ի­րենց վար­ժա­րա­նէն։ Հան­դէ­սին ներ­կայ գտնուե­ցան Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան, Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Գա­յաէր, կրթա­կան մշակ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Գալ­ֆաեա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն ու­րա­խա­կից ըլ­լա­լու փու­թա­ցած էին նաեւ Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ի­րենց տնօ­րէ­նու­հիին՝ Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեա­նի։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը պատ­րաս­տուած էր ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Սի­րա­նոյշ Էօզ­նի­կո­լեա­նի վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Ծրա­գի­րը պատ­րաս­տուած էր «Սէր» կար­գա­խօ­սով։ Տղա­քը հան­դէս ե­կան խմբերգ­նե­րով, պա­րե­րով, ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով ու զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով՝ ար­ժա­նա­նա­լով ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։

Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին Այ­տա Գա­յաէր հան­դէս ե­կաւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ուղ­ղեալ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­պա­գա­յի հա­մար։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բարձր գնա­հա­տեց կրթա­կան մշակ­նե­րուն կող­մէ ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար ի գործ դրուած ե­ռան­դը։

Հան­դէ­սէն վերջ բո­լո­րը հա­մախմ­բուե­ցան կէ­սօ­րուան ճա­շա­սե­ղան­նե­րուն շուրջ, մինչ շա­րու­նա­կուե­ցաւ ստեղ­ծուած ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը։ 

Շաբաթ, Յունիս 11, 2016