ՊԷՅՔՈԶԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրուեցաւ՝ հիմնադրութեան 242-րդ տարեդարձին առթիւ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ուխտաւոր կամաւոր դպիրներու կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչայի։ Օրուան քարոզին մէջ նորին սրբազնութիւնը շեշտեց, որ եկեղեցիները՝ մեր սրբավայրերը որքան մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն համայնքային կեանքին տեսակէտէ։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Պէյքոզի եկեղեցւոյ բարեյիշատակ սատարողաց հոգւոցն ի հանգիստ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան եւ իր ընկերները բացօթեայ հաւաքոյթի ընթացքին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Ճաշասեղաններու շուրջ երգուեցան տոհմիկ երգեր։ Ներկաները տեղւոյն թաղային խորհուրդին զօրակցութիւն յայտնեցին՝ նոր ապահովուած միջոցներով համայնքային միւս հաստատութիւններուն զօրավիգ կանգելու ճանապարհին։

Տարեդարձի արարողութիւնները աւարտին հասան Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։

Երկուշաբթի, Յունիս 11, 2018