ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թի հիմ­նադ­րու­թեան 35-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին ձօնուած ճաշ­կե­րոյ­թը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Գնա­լը կղզիի մէջ հա­մախմ­բեց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը։ Լո­ղա­ւա­զա­նի հա­մա­լի­րէն ներս, «Զոր­պա» ճա­շա­րա­նին մէջ կազ­մա­կեր­պուած այս փայ­լուն ե­րե­կոյ­թի պա­տուոյ հիւրն էր Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն յայտ­նի դէմ­քեր, «Մա­րալ»ի հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ Դժբախ­տա­բար, յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պե­տու­հին՝ Սել­մա Իս­քէն­տէ­րէօզ չկրցաւ մաս­նակ­ցիլ այս հա­ւա­քոյ­թին, սա­կայն իր ա­կա­մայ բա­ցա­կա­յու­թիւ­նով հան­դերձ մնա­ցեալ ան­դամ­նե­րը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ընդգ­ծե­ցին ա­նոր նպաս­տին եւ բա­րո­յա­կան զօ­րակ­ցու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Վեր­ջին շրջա­նին «Մա­րալ»ի յո­բե­լեան­նե­րը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն կը ստեղ­ծեն հա­մայն­քէն ներս։ Այդ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը իս­կա­պէս ար­հես­տա­կան չէ, քա­նի որ «Մա­րալ»ի յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը եւ ար­ձա­նագ­րած վե­րել­քը այդ մէ­կը կ՚ար­դա­րաց­նէ բո­լոր ա­ռում­նե­րով։ Ե­րէ­կուան յո­բե­լե­նա­կան ե­րե­կոյ­թի մթնո­լորտն ալ հա­մա­հունչ էր ցայ­սօր կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ­նե­րուն։ «Մա­րալ»ի յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով խան­դա­վա­ռուած հա­րիւ­րա­ւոր հա­մա­կիր­ներ փու­թա­ցած էին տօ­նախմ­բե­լու այս յատ­կան­շա­կան հանգ­րուա­նը։ Ե­րե­կոյ­թի բաց­ման ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ պա­րու­սոյց Կար­պիս Չափ­քան, որ հա­կիրճ անդ­րա­դար­ձաւ հա­մոյ­թի գոր­ծու­նէու­թեան։ Ան շեշ­տեց, որ «Մա­րալ»ի հա­րիւր եօ­թա­նա­սուն հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ ընդ­հա­նուր կազ­մը, մե­ծե­րով ու փոք­րե­րով, լուրջ կար­գա­պա­հու­թեամբ կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին Կար­պիս Չափ­քան տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, թէ «Մա­րալ» յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան չոր­րորդ ան­գամ հան­դէս պի­տի գայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ար­դա­րեւ, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը նկա­տի առ­նե­լով հա­մոյ­թի 35-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը, ե­լոյթ մը կազ­մա­կեր­պած է Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Տե­ղին կար­գադ­րու­թիւ­նով մը «Մա­րալ»ի այս ե­լոյ­թը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թե­նէն օր մը ա­ռաջ։ Այս­պէս, քա­ռա­սուն հո­գի­նոց կազ­մով մը հա­մոյ­թը Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ հան­դէս պի­տի գայ Սեպ­տեմ­բե­րի 26-ին։ Կար­պիս Չափ­քան յայտ­նեց, թէ ի­րենք քա­ռա­սուն հո­գի­նոց խում­բով մը պի­տի մեկ­նին Ե­րե­ւան, իսկ ցան­կու­թեան պա­րա­գա­յին ծնող­ներ կամ հա­մա­կիր­ներ ալ ի­րենց մի­ջոց­նե­րով կրնան միա­նալ խում­բին։ Կար­պիս Չափ­քա­նի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նուե­ցան բո­լոր հան­դի­սա­տես­նե­րուն կող­մէ, ինչ որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը նկա­տուէր ա­նոր նկատ­մամբ գնա­հա­տան­քի դրսե­ւո­րում մը։

Ե­րէ­կուան յո­բե­լե­նա­կան ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին գոր­ծադ­րուե­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­կան ճոխ յայ­տա­գիր մը։ Ձեռ­նար­կի խոր­հուր­դին ու շար­ժա­ռի­թին հետ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ՝ Քա­թիա Հա­լա­ճօղ­լու եւ Նա­րեկ Փնար­պա­շը ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան պար մը։ Ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րի ճո­խու­թեան մէջ ան­փո­խա­րի­նե­լի գոր­ծօն մըն էր այն հան­գա­ման­քը, թէ «Մա­րալ»ի ե­լոյթ­նե­րուն մաս­նա­կից նուա­գա­խում­բի ան­դամ­ներն ալ փու­թա­ցած էին մաս­նակ­ցիլ այս ձեռ­նար­կին։ Այս­պէս, Էտ­կար Խա­չատ­րեան եւ իր նուա­գա­խում­բը (Էտ­կար Ղա­զա­րեան, Սե­ւա­տա Ի­րի­ցեան, Նու­նէ Նա­ւա­սար­դեան, Ար­թուր Յա­րու­թիւ­նեան, ո­րոնց միա­ցած էր նաեւ Ա­րէտ Խրի­մեան) անն­կա­րագ­րե­լի հա­ճոյք մը պատ­ճա­ռե­ցին բո­լոր հան­դի­սա­տես­նե­րուն՝ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ի­րենց փայ­լուն կա­տա­րում­նե­րով։ Ներ­կա­նե­րը հա­ճոյ­քով ունկնդ­րե­ցին նաեւ Էտ­կար Խա­չատ­րեա­նի եւ Թա­թիա­նա Պոս­տա­նի զու­գերգ­նե­րուն։  Թա­թի­նա Պոս­տան զու­գերգ­նե­րէն վերջ հան­դէս ե­կաւ նաեւ մե­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րով։ Ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին նաեւ Էր­տինչ Է­րիշ­մի­շի նուագ­նե­րը։

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին կա­տա­րուե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը եւ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սաւ 35-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան կար­կան­դա­կի հատ­ման ժա­մա­նակ։ Բո­լոր ներ­կա­նե­րը մին­չեւ ուշ ժա­մեր ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց եւ դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով հրա­ժեշտ առ­նե­լու ժա­մա­նակ կրկնե­ցին ի­րենց յա­րա­տե­ւու­թեան մաղ­թան­քը «Մա­րալ»ի գոր­ծու­նէու­թեան մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015