Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՏԵՂԱՊԱՀԻՆ

Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան արդէն երկար տարիներ առաջ յայտարարած է, որ թեկնածու է Պոլսոյ պատրիարք ընտրուելու համար։ Նորին սրբազնութեան կողմէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին ուղարկուած շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը։

Սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս,

Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ դուք սոյն թուականի յուլիսի 4-ին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Եկեղեցական համագումարին կողմէ ձայներու մեծամասնութեամբ ընտրուած էք պատրիարքական տեղապահ։

Այս ընտրութիւնը ինքնին վկայութիւնն է եկեղեցական դասու կողմէ ձեր անձին հանդէպ արտայայտուած վերաբերմունքին, ձեր նկատմամբ ունեցած սիրոյ եւ վստահութեան։

Մեզի համար առանձնակի ուրախութիւն է հաւաստել, թէ եկեղեցական մեր անդաստանէն ներս դուք ձեր ծառայութեամբ՝ որպէս Աստուծոյ խօսքի անխոնջ քարոզիչ մշտապէս հանդիսացած էք արդարութեան եւ ճշմարտախօսութեան ջատագով ու արձանագրած սպասելի արդիւնքներ։

Արդ, վստահ ենք, թէ ձեր տեղապահութեան շրջանին եւս դուք անկողմնակալ կերպով կ՚օժանդակէք եւ կը սատարէք պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին, տեղական կարգ ու կանոնի համաձայն, որպէսզի ապահովուին արդար եւ հաւասար հնարաւորութիւններ բոլոր հաւանական թեկնածուներուն համար։

Այսու, ընդունեցէք մեր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները։ Կ՚աղօթենք, որ Պոլսոյ պատմական աթոռի նոր գահակալի ընտրութեամբ՝ զարգացման եւ յառաջընթացի նոր էջ մը կը բացուի մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ՝ ի բարօրութիւն պոլսահայ բարեպաշտ հաւատացեալներուն։ Թող փրկիչն Աստուած օգնական եւ զօրավիգ ըլլայ ձեզի՝ պարգեւելով իմաստութեան առատ շնորհներ եւ գործոց մշտանորոգ յաջողութիւն։

Եղբայրական սիրոյ ողջունիւ՝

ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉՈՒԼՃԵԱՆ
Առաջնորդ Գուգարաց թեմի

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019