«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի ուղեւորութիւն մը իրականացնել դէպի Հայաստան։ Երէկ, այս այցելութեան ընդառաջ խմբագրատունս այցելեց «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան, որուն ընկերացան Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, անդամուհիներէն Վարդուհի Մսըրլեան եւ Արի Չոլաք, որ այս ուղեւորութեան կարգադիր յանձնախումբի մղիչ ուժերէն է։

«Մարալ» համոյթը Հայաստան կը մեկնի՝ ելոյթ ունենալու համար Համահայկական խաղերու բացման արարողութեան ընթացքին, որ նախատեսուած է օգոստոսի 5-ին, Կիւմրիի մէջ։

«Մարալ» յիսուն հոգիէ բաղկացեալ խումբով մը պիտի մեկնի Հայաստան։ Մարալցիներուն պիտի միանայ նաեւ մեներգչուհի Գարին Պոզքուրթ, որ եւս բաժին մը պիտի ունենայ՝ բացման հանդիսութեան ընթացքին նախատեսուած «Մարալ»ի ելոյթին ժամանակ։

Բաց աստի, կեցութեան օրերուն համոյթը ելոյթ մըն ալ պիտի ունենայ Երեւանի Օփերային մէջ։ Խումբը կը նախատեսէ նաեւ ուխտի այցելութիւն մըն ալ տալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Այս անգամ եւս համոյթը համայնքային բարերարներու աջակցութեամբ կ՚իրականացնէ այս ուղեւորութիւնը, որ համահայկական հարթութեան վրայ պոլսահայութեան ծանօթացման ու ներկայացման տեսակէտէ ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Հայաստանի կեցութեան օրերուն «Մարալ»ի բազմանդամ խումբը պիտի իջեւանի Ծաղկաձորի մէջ։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին Կարպիս Չափքան մեզի յայտնեց, որ համոյթը երկար ժամանակէ ի վեր ամենայն բծախնդրութեամբ կը պատրաստուի Հայաստանի մօտալուտ ելոյթին։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այդ աշխատանքը լաւագոյնս պիտի արդիւնաւորուի եւ համոյթը պիտի կարողանայ հերթական անգամ արդարացնել իր վրայ դրուած յոյսերը՝ խանդավառ պահեր պարգեւելով հանդիսատեսներուն։ Ան համոզուած է, թէ Համահայկական խաղերը նոր սերունդի համախմբման տեսակէտէ կը ներկայացնէ կարեւորութիւն։ Թրքահայ համայնքէն արդէն երկու բազմանդամ խումբ պիտի մեկնի Հայաստան, իսկ «Մարալ»ի մասնակցութիւնն ալ յաւելեալ երանգ մը պիտի վերագրէ մեր համայնքի ներգրաւուածութեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2023