ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։ Ինչ­պէս ա­մէն Չո­րեք­շաբ­թի, այս ան­գամ եւս Վոս­փո­րի Ա­սիա­կան ա­փի մեր այս գողտ­րիկ ե­կե­ղե­ցին լե­ցուած էր հոծ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րով, ո­րոնք եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը գլխա­ւո­րեց Մու­րատ Կսսրկ. Իչ­լի­նալ­չա։ Ներ­կայ էին Հրաչ Սրկ. Սու­րէ­նեան (Ար­ժան­թին), Կար­պիս Սրկ. Չի­չէ­քեան (Գա­նա­տա), Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան, Եր­ջա­նիկ Տօ­նի­կօղ­լու, Գէորգ Թիւյ­սիւ­զեան, Յա­րու­թիւն Սա­հա­կեան, Ա­սա­տուր Իչ­լի­նալ­չա, Եփ­րեմ Միհ­րա­նեան, Մու­րատ Փէյ­նիր­ճի, Կար­պիս Տէր­տէ­րեան, Հա­ճը Եըլ­մազ, Մար­տի­րոս Մար­տի­կեան, Լե­ւոն Ցնծա­լեան եւ Շա­հին Քա­լայ, ո­րոնք ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րե­ցին եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը եւ սպա­սար­կե­ցին Ս. Սե­ղա­նին։ Բազ­մա­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ հա­ղոր­դուե­ցան ի ժամ Ս. Պա­տա­րա­գի։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բա­ցօ­թեայ հա­ւա­քոյ­թին մաս­նա­կից­նե­րը։ Տիկ­նանց կազ­մին կող­մէ պատ­րաս­տուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ ներ­կա­նե­րը մտեր­միկ զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2016