ՈՉ ԵՒՍ Է ՊԱՐՈՅՐ ՔԵՊԱՊՃԸ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի այնքան յարգուած, համակրելի դէմքերէն Պարոյր Քեպապճը։ Դժբախտաբար, վերջին շրջանին իր առողջութիւնը արձանագրած էր վերիվայրումներ։ Ան թէեւ յաջող սրտի գործողութեան մը ենթարկուած էր, սակայն յաջորդած ապաքինման շրջանին յառաջացած էին անակնկալ բարդութիւններ, որոնց հետեւանքով շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուէր։ «Քոչ» համալսարանի հիւանդանոցէն ներս մասնագէտներու կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած բժշկական խնամքը եւ հարազատներուն հոգատարութիւնը, դժբախտաբար, բաւարար չէ եղած իր վիճակը վերականգնելու եւ ան աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով թէ՛ ընտանիքը եւ թէ սիրելիներու շրջանակը։

Պարոյր Քեպապճը Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին հետ նոյնացած ջերմ անձնաւորութիւն մըն էր։ Ըլլալով հաստատութեան երախտաշատ սաներէն մին՝ ան երկար ժամանակ ծառայութիւն մատուցած էր նաեւ վարչական գետնի վրայ՝ մաս կազմելով խնամակալութեան։ Բարի համբաւ ու համակրանք կը վայելէր՝ մասնագիտութեամբ տարրաբան Պարոյր Քեպապճը, որ, միեւնոյն ժամանակ, տիպար ընտանեկան հայր մըն էր։ Իր կորուստով մեր համայնքի երկնակամարէն կը սահի՝ համագործակցութեան ու զօրակցութեան ոգիով, ազնիւ ու բարեացակամ տրամադրութիւններով գործիչի մը կերպարը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Պարոյր Քեպապճըի հոգւոյն՝ բերելով մեր դրական վկայութիւնները իր բարի յիշատակին առջեւ։ Սուգի դառն պահուն խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ Էլիզ Քեպապճըի, զաւակներուն՝ Սարվէն-Պերիլ Շէշէթեան, Արէտ-Էօզլէմ Քեպապճը ամոլներուն եւ համայն պարագաներուն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն ընկերներուն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2021