ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՄԱՐԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ բազմավաստակ կրթական մշակ Մարի Տէյիրմենճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Մարի Տէյիրմենճեանի կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն՝ մասնաւորապէս պոլսահայ կրթական համակարգէն ներս։ Հակառակ աննպաստ օդին, երէկուան յուղարկաւորութեան մասնակցեցան բաւական բարձր թիւով յուղարկաւորներ, որոնք իրենց վերջին յարգանքը մատուցին հանգուցեալի նկատմամբ եւ բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձուցին անոր հարազատները։ Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը մահաբեմի վրայ զետեղուած էր Մարի Տէյիրմենճեանի դագաղը, որու շուրջբոլորը աղօթեցին անոր յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, որու շուրջ էին բազմաթիւ քահանայ հայրեր։ Հայր սուրբը խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը՝ վեր առնելով հանգուցեալի ծառայասիրութիւնը, նուիրումը եւ մեր կրթական կեանքէն ներս բերած ներդրումը։ Ան փոխանցեց նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ցաւակցութիւնները։

Յուղարկաւորութեան աւարտին լուսահոգի Մարի Տէյիրմենճեանի դագաղը փոխադրուեցաւ Գատըգիւղի գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ հոգելոյս ամուսնոյն կողքին։

Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս երկնային հանգիստ կը հայցենք Մարի Տէյիրմենճեանի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր զաւակներուն՝ մեր սիրելի ընկերներ Սեւան-Մելիս Տէյիրմենճեան ամոլին, Անի Տէյիրմենճեանին եւ բոլոր պարագաներուն։

Շաբաթ, Մարտ 12, 2022