ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԸ ՆԱԽԱՃԱՇԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ՖԼՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմը երէկ հաստատութեան համակիր տիկիններուն համար կազմակերպեց նախաճաշի հաւաքոյթ մը։ Ֆլորիայի «Ուլուտաղ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթը, որ կազմակերպուած էր Մայրերու օրուան նախօրեակին։ Կազմակերպիչները տեղեկացուցին, որ հաւաքոյթը ձօնուած է նորոգ հանգուցեալ Հռիփսիմէ Պաքեանի յիշատակին։ Արդարեւ, շուրջ յիսուն տարի Կազդուրման կայանին ծառայութիւն մատուցած Հռիփսիմէ Պաքեան մահացաւ մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ։ Ուստի, հանգուցեալ Հռիփսիմէ Պաքեան վերյիշուեցաւ յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։

Երէկուան հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Կազդուրման կայանի համակիր բազմաթիւ տիկիններ։ Ներկայ էին նաեւ Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան եւ սիւներէն Նաժտա Շատեան։ Կայանի տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Մաթիլտա Ֆըրատօղլու հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին Մայրերու օրուան առթիւ յղեց շնորհաւորութիւններ։ Տրամադրուած փոխադրամիջոցներուն համար ան շնորհակալութիւն յայտնեց Շիշլիի, Պաքըրգիւղի եւ Գատըգիւղի քաղաքապետարաններուն։ Հաւաքոյթի տեւողութեան տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։ Տիկինները հաճելի ժամանց ունեցան՝ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցելով իրարու հետ։

Կազդուրման կայանի տիկնանց կազմին կ՚անդամակցին՝ Մաթիլտա Ֆըրատօղլու (ատենապետուհի), Ալին Քումրալ, Լիզի Ճիվանեան, Ճոյս Տինչքայըքճը, Նազենի Թըրթըր, Թալին Շիրինփընար, Թալին Փափազեան, Լետա Քոչ եւ Սանթա Ինկիլլի։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018