ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԿԸ ԲԱՆԱՅ 2016-Ի ԱՄՐԱՆ ՇՐՋԱՆԸ

Ե­րէկ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հիւ­րըն­կա­լեց Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի հո­գա­տար մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Կա­յա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը Գում­գա­բու փու­թա­ցած էին՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 2016-ի ամ­րան շրջա­նի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը։ Այս առ­թիւ Գնա­լը կղզիի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խա­տե­սուած են կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց ա­ւար­տին սի­րոյ սե­ղան մը պի­տի սար­քուի կա­յա­նի «Ճամ­պա­զեան» խա­ղա­վայ­րին մէջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը պի­տի նա­խա­գա­հէ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ե­ղա­նա­կի բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­դա­ռաջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց հաս­տա­տու­թեան ներ­կայ վի­ճա­կին շուրջ եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղեց բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։

Մինչ այդ, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի հո­գա­տար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Քի­լե­ճի, ան­դա­մու­հի­նե­րէն Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեան, Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թե­նէն Բար­սեղ Ճան­ճի­կեան եւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին խմբագ­րա­տունս։ Ե­ղա­նա­կի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ըն­դա­ռաջ ա­նոնք մե­զի ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին այս տա­րուան հա­մար նա­խա­տե­սուած ծրագ­րե­րուն եւ տղոց հա­մար տես­նուած պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Կազ­դուր­ման կա­յա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մե­զի ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ի­րենց նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ա­նոնք ամ­րան ար­ձա­կուր­դին ըն­դա­ռաջ հա­մայն­քա­յին բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րը շրջած են եւ ստու­գած՝ այն բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք կը փա­փա­քին ի­րենց ար­ձա­կուր­դի շրջա­նը ան­ցը­նել Կազ­դուր­ման կա­յա­նի մէջ։ Այս­պէ­սով շուրջ ե­րեք հա­րիւր ա­շա­կեր­տի ա­նուն ար­ձա­նագ­րուած է։ Այս մեծ խում­բին մէկ մա­սը մշտա­պէս Կազ­դուր­ման կա­յան կը յա­ճա­խէ։ Մշտա­կան խում­բին ա­ռըն­թեր մնա­ցեալ տղա­քը հեր­թով կը մնան կա­յա­նին մէջ։

Կազ­դուր­ման կա­յա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ե­րէ­կուան մեր զրոյ­ցին ըն­թաց­քին նշե­ցին, թէ այս տա­րի տե­ղի կ՚ու­նե­նան նաեւ Կազ­դուր­ման կա­յա­նի հիմ­նադ­րու­թեան 50-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րը։ Թէեւ կա­յա­նի յո­բե­լեա­նը ան­ցեալ տա­րի էր, սա­կայն 2015 թուա­կա­նի մթնո­լոր­տին մէջ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը յար­մար չէին նկա­տած յո­բե­լեան մը նշել՝ տօ­նա­կան մթնո­լոր­տով, հե­տե­ւա­բար այս տա­րի կեան­քի պի­տի կո­չուի հա­մա­պա­տաս­խան ծրա­գի­րը։ Այս շրջագ­ծով կղզիի վրայ կը ծրագ­րուի ման­կա­կան խրախ­ճանք մը եւ հա­յե­րէն բա­ռա­խաղ մը։ Հա­ւա­նա­կան է, որ քա­ղա­քին մէջ ալ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մը կազ­մա­կեր­պուի այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ։

Թէ՛ տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ եւ թէ կա­յա­նի բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը աշ­խա­տան­քա­յին բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ ու ե­ռան­դով պատ­րաստ են 2016-ի ամ­րան։ Գործ­նա­կա­նօ­րէն ար­դէն կեան­քը սկսած է կա­յա­նին մէջ, սա­կայն ե­ղա­նա­կի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը ա­մէն տա­րի ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նայ, որ­պէս­զի այն­տեղ ստեղ­ծուի խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը։

Կազ­դուր­ման կա­յա­նի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք 2016 թուա­կա­նի ամ­րան հա­մար՝ որ­պէս­զի լա­ւա­գոյնս ար­գա­սա­ւո­րուի նաեւ յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նը։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 12, 2016