ՇՔԵՂ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Յուլիսի 14-ի՝ Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ, Պէյօղլու։ Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Շարլ Ֆրի եւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէրի տանտիրութեամբ կազմակերպուեցաւ այս բացօթեայ հաւաքոյթը։ Ֆրանսական պալատի շքեղ պարտէզներուն մէջ նախ նուագուեցան Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի քայլերգները, աւելի վերջ ալ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան աւագ հիւպատոսն ու դեսպանը։ Ելոյթներու աւարտին ֆրանսական շանսոններու հաճելի նուագներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ ընթրեցին ներկաները՝ անմիջական զրոյցի մթնոլորտին մէջ։ Նուագներու ժամանակ յաճախ կը հնչէր Շարլ Ազնաւուրի ձայնը։ Հաւաքոյթին հովանաւոր եղած էին թուրք-ֆրանսական տնտեսական համագործակցութեան ներգրաւուած շարք մը ընկերութիւններ, որոնց կարգին էր «Աթալեան» հաստատութիւնը։

Երէկուան պաշտօնական ընդունելութեան մասնակցեցաւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ դեսպան Շարլ Ֆրիին շնորհաւորութիւններ յղեց Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ։ Ընդունելութեան հրաւիրուած էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որուն կ՚ընկերանար Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։ Տեղապահ սրբազանին ալ ուղեկցեցաւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Բացի փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդներէն, այս ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան բարձրաստիճան դիւանակալներ, քաղաքիս մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, հասարակական գործիչներ, զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն դէմքեր, գործարարներ եւ այլ հիւրեր։

ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մինչ այդ, տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գնալը կղզիի մէջ հիւրընկալեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղականները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայիս այս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին մաս կը կազմեն Յովհաննէս Ֆեներճեան, Դաւիթ Թիւթիւն եւ Առլէթ Ինճիտիւզէն։ Հարկ է նշել, որ Գանտիլլիի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը նախատեսուած է յուլիսի 20-ին։ Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ թաղականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը, նաեւ յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքներ։

ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնակատարութիւններուն։

Ուրբաթ, Յուլիս 12, 2019