ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄԸ

Վարդավառ էր երէկ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին նշեց Պայծառակերպութեան տօնը։ Աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան մեր եկեղեցիներուն մէջ՝ մանաւանդ, Գնալըի բարձունքին ոգեւորութիւնը շատ բարձր էր եղանակի բերումով։ Եկեղեցական արարողութիւններուն առընթեր, կղզիի վրայ մեր համայնքի անդամները բազում խրախճանքներ կազմակերպեցին։ Բնակարաններու պարտէզները, փողոցները թատերաբեմը հանդիսացան՝ վերակենդանացեալ աւանդութիւններու։

Տօնակատարութիւնը լոկ ծէս մըն է, եթէ հաւատ չկայ անոր մէջ։ Թատրոնի կը վերածուի ամէն ինչ։ Հաւատն է, որ իր առթած հոգեւոր ուրախութիւնով կու տայ իմաստը։ Տրամադրութիւնը կը բարձրանայ, երբ որ մարդիկ բաժնեն այդ ապրումները։ Հաւատի հասարակաց յայտարարին վրայ, հաւատակից քոյրերու եւ եղբայրներու միասնականութեան բերած ուրախութիւնը բանալին է իսկական պայծառակերպման։

Երկուշաբթի, Յուլիս 12, 2021