ՎԱՐԴԱՎԱՌԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Վարդավառի տօնին առթիւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ։ Պայծառակերպութեան տաղաւարի առթիւ պատարագեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Նկատի ունենալով համաճարակի մթնոլորտը՝ հաւատացեալներ եկեղեցւոյ մէջ չընդունուեցան եւ պարտէզին մէջ զետեղուած նստարաններուն վրայ հետեւեցան Ս. Պատարագին։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նախագահեց Հսկման արարողութեան։ Պայծառակերպութեան տաղաւարի նախօրեակին Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, աւանդութիւն դարձած է Հսկման արարողութիւն կատարել։ Այս տարի, շաբաթ երեկոյեան կատարուած արարողութեան նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Արարողութեան մասնակցեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան եւ դպիրներ։

Մութ եկեղեցւոյ խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ կը պլպլային մոմերու ճրագները, որով աղօթքի միջավայրը առաւել եւս կը ներկայանար իր խորհրդաւոր ազդեցութեամբ։ Առ այդ, երգուած շարականներուն, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանէն  ընթերցման ու Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի աղօթքի տողերուն միացան նաեւ հաւատացեալներ։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ վերջին օրհնութեամբ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 12, 2021