ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԸՆԹՐԻՔԸ
Ներկայ ամրան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն երկու նախկին պոլսահայեր՝ Սահակ Թունա եւ Միրիճան Կիւրեղեան կ՚այցելեն քաղաքս, ինչ որ վերջին օրերուն վերածուած է ողջունելի իրադարձութեան։ Անոնց այցելութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է՝ մանաւանդ, որ Իսթանպուլի մէջ բարի յիշատակ թողած են, երբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան շրջանակներէն ներս ալ գործունէութիւն կը ծաւալեն։ Նկատի ունենալով, որ երկու հիւրերն ալ Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտներէն են՝ իրենց այցելութիւնը առիթ հանդիսացած է նաեւ դասընկերներու մտերմիկ հաւաքի մը։ Այսպէս, Պէյօղլուի մէջ ընթրիքի սեղանի մը շուրջ համախմբուած են Կեդրոնականի 1965-1966 եւ 1967 շրջաններէն ընթացաւարտներ։
Սեղանի շուրջ համախմբուած էին Ղալաթիոյ խնամակալութենէն Պօղոս Չալկըճըօղլու, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ, Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու, Սարգիս Մուրատեան, Արման Թունա, Գէորգ Վարդանեան, Վահագն Չաքար, Միհրան Քարաքըզեան, Միրիճան Կիւրեղեան, Արթօ Սէմէրճեան, Սահակ Թունա եւ Պետրոս Աւետիքեան։ Կեդրոնականի սաներուն այս համախմբումը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Անոնք խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին, վերյիշեցին իրենց դպրոցական տարիները, նաեւ, անխուսափելիօրէն, իրենց զրոյցին մաս կազմեցին հայ իրականութեան օրակարգի զանազան հարցեր։