ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՖԱԹԻՀԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԸ

Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները 2024-2025 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ այցելութիւն մը տուին Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանին։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ այլ պատասխանատուներ մասնակցեցան քաղաքապետարանի հանդիպման։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին վերամուտի առթիւ քաղաքապետին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան դպրոցին մասին։ Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին քաղաքապետարանին կողմէ դպրոցին նկատմամբ ցուցաբերուած դրական վերաբերմունքին համար։

Հուսկ, Էրկիւն Թուրանին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2024