ՊԱՏԿԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ…

Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ այս ամսավերջին Պէյօղլուի «Öktem Aykut» գեղարուեստասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յայտնի նկարիչ Արէտ Կըճըրի ցուցահանդէսը։ Սեպտեմբերի 25-ին պիտի սկսի ձեռնարկը, որ կոչուած է՝ «Պատկերէն անդին»։ Գեղարուեստասէրները մինչեւ նոյեմբերի 11-ը այս ցուցահանդէսը այցելելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան։

Արէտ Կըճըր, որ իր սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին է, վերջին տարիներուն արդէն կ՚ապրի ու կը ստեղծագործէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Մօտալուտ ցուցահանդէսը առիթ պիտի դառնայ, որպէսզի ան գեղարուեստասէրներուն դատին յանձնէ իր 14 նոր ստեղծագործութիւնները։ Սա Արէտ Կըճըրի արդէն չորրորդ անհատական ցուցահանդէսն է՝ Էօքթեմ Այքութի հետ։ Նախաձեռնութեան քիւրաթէօրն է Անլամ Արսլանօղլու տը Քոսթըր։ Ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ պիտի հրապարակուի նաեւ՝ նկարչին հետ քիւրաթէօրին երկարաշունչ հարցազրոյցը, ինչ որ Արէտ Կըճըրի ստեղծագործական ուղիին ծաւալուն արժեւորման առիթ պիտի ընձեռէ։

Մօտալուտ ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուելիք Արէտ Կըճըրի 14 կտաւներուն իւրաքանչիւրը, իրականութեան մէջ, ինքնուրոյն է։ Յամենայնդէպս, ցուցահանդէսի ամբողջին մէջ անոնք իրարու հետ այնպիսի յարաբերութեան մէջ կը մտնեն, որ նոր իմաստներ ալ կը ստանան։

«Պատկերէն անդին»ը կը հետապնդէ՝ ընթացիկ օրուան մը արձագանգը, արտասովոր տեսարան մը, ժամանակը անդրանցած բարեկամութիւնը, թռուցիկ հանդիպում մը, անսպասելի կորուստ մը, բարդութիւններէն վերջ մնացածները եւ այլն։ Արէտ Կըճըրի ստեղծագործութիւններուն մէջ աչքի կը զարնեն մշտական հակասութիւններ, որոնք ծնունդ կ՚առնեն հորերու նման խորութիւններու եւ թռչուն ստուերներու միջեւ։ Ցուցահանդէսի կազմակերպման ուղղութեամբ իրենց աջակցութիւնը բերած են՝ Այշէ Փարլա, Անթոնիօ Քոսենթինօ, Ռոպէր Քոփթաշ եւ Ճոհաննա Տէյվիտսըն։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2024