ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ՝ ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը՝ ի յարգանս Պալեան ընտանիքին։ Օսմանեան շրջանի արքունի ճարտարապետներու այս գերդաստանի ներկայացուցիչներուն ծաւալած գործունէութիւնը եւ թողած աւանդը հերթական անգամ արժեւորուեցաւ այս ձեռնարկի ընթացքին։ Դպրոցի աշակերտները ձեռնարկին շնորհիւ տարրական պատկերացում մը կազմեցին Պալեաններու տարած աշխատանքին շուրջ։ Եօթներորդ դասարանի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուեցան Պալեաններու ճարտարապետական յուշարձանները։ Տղոց ուղեցոյց եղած էր հայերէնի ուսուցչուհի Նաժտա Տեմիրճիօղլու։ Ներկայ էին ծնողներ եւ թաղեցիներ։

Օրուան յայտագիրը բաղկացած էր երկլեզու եւ ունէր երկու բաժին։ Առաջին բաժինը բաղկացած էր աշակերտներու պատրաստութեան հիման վրայ։ Երկրորդ բաժնին մէջ խօսեցաւ արուեստաբան Տքթ. Էլմոն Հանչէր։ Նաժտա Տեմիրճիօղլուն ալ բացատրութիւններ տուաւ օրուան ծրագրին եւ Պալեաններու կողմէ տարուած վիթխարի աշխատանքին առընչութեամբ։

Յօրինող-ջութակահար Թադէոս էֆէնտիի եղանակներու ընկերակցութեամբ սփռուեցաւ Պալեաններու վերաբերեալ տեսանիւթ մը։ Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի տղաքը տեղեկութիւններ ստանան նաեւ Պալեան գերդաստանի նորակառոյց յուշադամբանին շուրջ։

Յայտագրի աւարտին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, որ գնահատեց այս ծրագրին ներգրաւուած աշակերտները եւ կրթական մշակները։

Էլմոն Հանչէրի մասնակցութիւնն ալ, անշուշտ, ունէր շատ կարեւոր նշանակութիւն։ Արդարեւ, իր մասնակցութեան շնորհիւ տղաքը աւելի մասնագիտական մակարդակի վրայ տեղեկութիւններ քաղելու հնարաւորութիւն ունեցան Պալեաններու ժառանգութեան շուրջ։ Էլմոն Հանչէրի կենսագրականն ալ ներկայացուեցաւ աշակերտներէն Ժանին Տեմիրճիի կողմէ։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուն ալ Էլմոն Հանչէրին յանձնեց յուշանուէր մը։

Ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, Գատըգիւղի տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան եւ թաղի այլ պատասխանատուներ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018