ՈՒԹ ՎԿԱՅԵԱԼ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ

Թրքահայ Ուսուցչաց հիմնարկը արդէն հրատարակած է 2022 թուականի օրացոյցը։ Սա հիմնարկի աւանդական նախաձեռնութիւնն է։ Առերեւոյթ համեստ այս օրացոյցի շրջանառութեան մէջ մտնելով թրքահայութիւնը արդէն կը տոգորուի նոր տարի մը եւս թեւակոխելու ուրախութիւնով։ Օրացոյցը, միեւնոյն ժամանակ, կը նախանշէ բազմաթիւ թուականներ, որոնք համայնքային ինչ-ինչ ապրումներու վաղ ազդանշանը կը հանդիսանան՝ միշտ յոյսով ու դրական սպասումով։

Ըստ ընկալեալ սովորութեան, հիմնարկի վարչութիւնը նոր տարուայ օրացոյցը շրջանառութեան մէջ դնելու զուգահեռ՝ տեղեկութիւններ փոխանցած է ներկայ տարուայ գործունէութեան զանազան երեսակներուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ուշագրաւ են տեղեկութիւնները հիմնարկի կողմէ կրթաթոշակ տրամադրուած համալսարանականներու վերաբերեալ։ Արդարեւ, ներկայիս հիմնարկը 60 համալսարանականի կրթաթոշակ կը յատկացնէ եւ այս տարի 8 ուսանող արդէն եղած է շրջանաւարտ։ Անոնց գրեթէ բոլորը ունի ցանկութեան պարագային ուսուցչագործելու հեռանկար։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2021