ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԿԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները յաճախ միջամտութիւններ կատարած են պատրիարքներու ընտրութեան գործընթացներուն։ Նորին սրբազնութիւնը «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցա-զըրոյցին մէջ բացատրեց, որ Պատրիարքական Աթոռը հիմնուած է պետութեան կողմէ եւ պատրիարքական ընտրութիւններու ժամանակ միշտ որոշիչ եղած է պետութեան ձայնը։ «550 տարիէ ի վեր պետութեան հրահանգով պատրիարքներ եկած ու գացած են։ Այս երկրին մէջ այդպէս է», ըսաւ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի աշխատակից Տաթեւիկ Սարգսեանի հետ անցեալ Կիրակի Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ զրուցելու ժամանակ նորին սրբազնութիւնը մեկնաբանեց Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ 5 Փետրուարին Պատրիարքարան հասած պաշտօնագիրը։ Իր խօսքերով՝ պետական իշխանութիւններու այս վերջին որոշումը արդար է եւ չի հակասեր եկեղեցական կանոնադրութեան։ Հարցազրոյցի ընթացքին ան անդրադարձաւ համայնքէն կարգ մը շրջանակներու պաշտպանած տեսակէտին, ըստ որոնց տակաւին 2010 թուականին պէտք էր անմիջապէս տեղապահ կամ պատրիարք մը ընտրել, այլ ոչ թէ փոխանորդի դրութիւն հաստատել։ Ի պատասխան՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշած է, որ թէեւ Սահմանադրութեան մէջ նման պաշտօն մը չէ նախատեսուած, բայց 1960-ին Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի ընտրութենէն վերջ ձեւաւորուած է այդ աւանդութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնը համամիտ չէ գտնուած նաեւ այն կարծիքին, թէ հրաժարական տալով կրնար ճանապարհ հարթել նոր պատրիարքի մը ընտրութեան առջեւ։ Ան յայտնեց, որ չի պատրաստուիր հեռանալ եւ մինչեւ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան օրը պիտի շարունակէ պաշտօնավարել որպէս փոխանորդ։ «Ո՞վ ըսաւ, որ ես անընդունելի եմ», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

Ռատիօկայանի աշխատակիցը հարց տուած է, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արդեօք իր պաշտօնը  կը յաջողի պահել շնորհիւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ ունեցած մտերմութեա՞ն։ Ի պատասխան ան դիտել տուած է, որ սա սուտ մտայնութիւն մըն է, որովհետեւ այս հարցին մէջ պետութեան համար կարեւորը անձը չէ։

Նորին սրբազնութեան կարծիքը շօշափուած է նաեւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն վերաբերեալ Պատրիարքարանի կողմէ կատարուած վերջին յայտարարութեան շուրջ։ Ան ընդգծած է, որ ինք կապ չէ ունեցած այդ յայտարարութեան մէջ, որովհետեւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի որոշումով հրապարակուած է այդ մէկը։ «Եթէ ես այդ յայտարարութիւնը ընէի, ապա Հայաստանի մէջ ալ, այստեղ ալ ինծի յարձակումները կը շարունակուէին, սակայն այդ յայտարարութիւնը ես չեմ ըրած», յայտնած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

 

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2018