ՄԻԱՆԱԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԼՈՅՍԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հուսկ բանք մը խօսեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ 2 մարտ 2020, երկուշաբթի, կազմակերպուած շնորհանդէսի ընթացքին, որ ձօնուած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի կողմէ առաջին անգամ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ի վերահրատարակութեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խօսքին սղագրութիւնը։

Գերաշնորհ, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հայրեր, շատ սիրելի ներկաներ,

Այսօր գիրքի մը շնորհանդէսը կատարեցինք եւ խորին շնորհակալութիւն անոնց, որոնք վաստակ ունին, իր խորիմաստ բացատրութիւններուն համար՝ Հայր Շահէին, գեղարուեստի բաժինին երգիչներուն եւ ասմունքողին, նաեւ հարկաւ թէ այս շնորհանդէսի հերոսին՝ պարոն Արա Գօչունեանին:

Երբ որ նոր գիրք մը կը հրատարակուի՝ կ՚ըսեն, աղուոր պատկերաւոր խօսք մը ունինք՝ փուռէն նոր ելած հաց: Այսինքն, այս գիրքն ալ այդպէս է. փուռէն նոր ելած հաց մը:

Երբ որ մենք կը կոչենք Նորին Սրբութիւն Գարեգին Վեհափառը՝ շինարար կաթողիկոս, ոմանք կը կարծեն, թէ այս խօսքը պարզապէս շէնքեր շինած ըլլալուն համար կ՚ըսենք։ Բայց այդպէս չէ. Վեհափառ Հայրապետը այս շէնքերը որպէս միջոց կը շինէ, որպէսզի անոնց մէջը լեցուի հոգեւոր աշխատանքով, մտաւոր աշխատանքով, ինչպէս որ այս շէնքն է: Հետեւաբար, Հրատարակչական բաժինը երբ որ հիմնուեցաւ, անիկա Վեհափառ Հայրապետի այն մտահոգութիւնն էր, որ մեր ժողովուրդը հոգեւոր փուռի մը պէտք ունի, որպէսզի այդ սնունդը մատակարարուի: Հրատարակչական բաժնի առաջին պատասխանատու տեսուչը եղած էր Գերաշնորհ Եզնիկ Արքեպիսկոպոսը, որ նաեւ ինծի առաջարկած էր «Երկու ուխտաւորը» գրել։ Այնպէս որ ես ալ բաժին ունիմ այս հրատարակչական գործին մէջ եւ հիմա Տէր Արարատն է այս գործին գլուխը՝ մեր սիրելի եւ աշխոյժ աշակերտներէն մէկը, շատ ուրախ եմ, Տէր Հայր, որ այս գործերուն գլուխն ես, հպարտ եմ քեզմով, վարձքդ կատար:

Ուրեմն, երբ որ «Նարեկ»ի մասին կը խօսինք, աղօթքի մասին կը խօսինք: Եւ աղօթքը մարդու զօրութիւնն է, աղօթքը ազգի մը զօրութիւնն է: Եթէ հարցնէք ինծի՝ ի՞նչ է աղօթքին լաւագոյն պատկերը, ես պիտի յիշէի Հին կտակարանին մէջ եղած մէկ պատկերը։ Մովսէս մարգարէն իր ժողովուրդը հանած է Եգիպտոսի գերութենէն եւ իրենց առջեւը թշնամիներ կան, իրենք ալ ստիպուած են պատերազմելու: Երբ որ կը պատերազմին, բարձունքէն կը դիտէ իր ժողովուրդը եւ ձեռքերը վերամբարձ կ՚աղօթէ։ Երբ որ կ՚աղօթէ, իր ժողովուրդը յաղթական դուրս կու գայ, երբ որ յոգնի, ձեռքերը վար կ՚իջեցնէ, թշնամին կը շահի։ Երբ որ կը բարձրացնէ, իր ազգը կը շահի։ Երբ որ վար կ՚իջեցնէ, ժողովուրդը կը կորսնցնէ, քովինները կու գան օգնութեան, որպէսզի իր թեւերը բաց մնան, յետոյ քովիններն ալ կը յոգնին, այն ատեն իր թեւերը ժայռին վրայ կը դնեն, որպէսզի մինչեւ գիշեր աղօթքի մէջ մնայ եւ իր ազգը յաղթական դուրս գայ: Ուրեմն, մեր ժողովուրդի աղօթող թեւերը պէտք է միշտ այսպէս վերամբարձ մնան եւ այս գիրքը նեցուկներէն մէկը պէտք է ըլլայ: Աղօթող մարդիկ շատ լաւ գիտեն, թէ երբ որ ձեր անձնական աղօթքը կը կատարէք, շատ շուտ ձեր բառերը կ՚աւարտին, բայց կ՚ուզէք, որ այդ աղօթքը շարունակուի եւ ահա «Նարեկ» աղօթամատեանը՝ անիկա ձեզի թեւ կու տայ եւ դուք կը շարունակէք ձեր աղօթքը Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, կը պահէք ձեր հոգին եւ այդ խօսքերով կը մաքրուի ձեր հոգին:

Սուրբ Նարեկը եւ իր աղօթամատեանը. եթէ ես ամփոփեմ նպատակը, մէկ բառով պիտի ըսեմ՝ ողորմութիւն։ Աստուծոյ ողորմութիւնը խնդրել: Որովհետեւ մարդը հպարտ արարած մըն է, յատկապէս իր երիտասարդութեան օրերուն, իր միտքով հպարտ է, իր մարմինով հպարտ է, իր կարողութիւններով հպարտ է, բայց բոլոր խելացի եւ իմաստուն մարդիկ տեսած են, որ այդ այդպէս չէ: Ինչպէս իմաստունը կ՚ըսէ՝ ամենէն լաւ գիտցածս այն է, որ ոչինչ գիտեմ ես: Եսայի մարգարէն կ՚ըսէ. «Ի՞նչ է մարդը, խոտ մըն է, իր ամբողջ գեղեցկութեան մէջ դաշտի ծաղիկ մըն է: Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, սակայն Աստուծոյ խօսքը յաւիտեան կը մնայ»: Այնպէս, որ կը կարծեմ, թէ Սուրբ Նարեկը մեզի սորվեցնել կ՚ուզէ, որ այնքան զօրաւոր չենք մենք: Ձեր ապագան չէք գիտեր: Նայեցէք՝ աչքով չտեսնուած շատ փոքրիկ-փոքրիկ «քորոնաժահր»ը ինչ վիճակի մէջ կը դնէ մեզ: Եւ չենք գիտեր՝ մեզմէ զո՛վ պիտի առնէ եւ պիտի տանի: Շատ զօրաւոր չենք մենք: Մեր վաղուան համար Աստուծոյ ողորմութեան պէտք ունինք, հետեւաբար, աղօթամատեանը ծունկերը չոքած մարդուն ողորմութիւն կը սորվեցնէ: Այնպէս, որ մենք ալ այդպէս աղօթենք, աղօթքները շատցնենք, որովհետեւ աղօթքը լոյս է: Մէկը, որ աղօթելէն կը ձանձրանայ եւ նպատակ չի գտներ, ամբողջ աշխարհը կը տեսնէ սեւ, մութ գոյներով, տխուր, կ՚ըսէ՝ որքան վատ տեղ մըն է այս աշխարհը, որքան խաւար կայ անոր մէջ եւ մէկէն ի մէկ լոյսեր կը պլպլան: Կ՚ըսէ՝ ի՞նչ են այս լոյսերը եւ երազին մէջ պատասխան կու գայ, կ՚ըսէ՝ որոշ մարդիկ աղօթելու սկսան: Աղօթելու սկսան եւ երբ որ կ՚աղօթեն, լոյս կ՚ըլլայ: Այնպէս, որ աղօթքը մեզ Աստուծոյ լոյսին հետ կը միացնէ եւ մենք ալ լոյսին կը դառնանք: Կ՚առնենք իր լոյսը եւ մեր կեանքին մէջ կ՚արտացոլանք: Այնպէս, որ ես նաեւ որպէս Պոլսոյ պատրիարք՝ հպարտ եմ, թէ Պոլսոյ համայնքի ծոցէն դուրս ելած արժէք մը հարիւր տարի յետոյ այսօր կրկին հրապարակ կը դրուի եւ յօգուտ ամբողջ հայութեան, վերստին ժողովուրդին կը մատակարարուի եւ կը մատուցուի: 19-րդ դարուն եւ 20-րդ դարուն մտաւորականները ունէին երկու հակասութիւն։ Անոնցմէ մէկը գրաբարի դէմ պայքար մղելն էր, որպէսզի հաստատուի աշխարհաբարը՝ ժողովուրդի խօսած լեզուն: Ասիկա իրենց համար շատ կարեւոր էր եւ իրապէս յաջողեցան: Եկեղեցիէն դուրս բոլոր կառոյցները՝ մտքի եւ մշակոյթի կառոյցները, գրաբարէն դէպի աշխարհաբար փոխադրուեցան, բայց եւ այնպէս, բոլոր մտաւորականները ունէին ցաւ մը իրենց սրտին մէջ, որովհետեւ իրենց բոլոր գանձերը՝ գրական, մշակութային, գրաբարին մէջ թաղուած էին եւ իրենք սկսան ստեղծել երկրորդ ոսկեդար մը, որուն մենք զարթօնք կ՚ըսենք։ Այսինքն՝ գրաբարեան այդ գանձերը թարգմանել աշխարհաբարի եւ մատուցանել իրենց այդ օրուայ ժողովուրդին: Հաւանաբար այդ նոյն մարտահրաւէրը մենք ունինք նաեւ այսօր Հայաստանի մէջ, որովհետեւ համայնավարութեան ժամանակ երկար բաց մը գոյացաւ, որպէսզի այդ թարգմանութիւնը իրականանայ։ Այժմ կարծեմ, թէ աւելի շատ ազատութիւն եւ հետաքրքրութիւն կայ մտաւորական շրջանակներուն մէջ, որպէսզի այդ աշխատանքը շարունակուի:

Ուրեմն ես կը շնորհաւորեմ եւ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրին՝ պարոն Արա Գօչունեանին, որ իր ընտանեկան ժառանգը կը կրէ մինչեւ այսօր, թոյլ չէ տուած, որ գանձ մը գրադարաններու փոշոտ դարակներուն մէջ մնայ, այլեւ՝ նորոգուի, վերահրատարակուի եւ մեր այսօրուայ ժողովուրդի պէտքերուն համար մատակարարուի: Շնորհակալութիւն Վեհափառ Հայրապետին, որ իրապէս երբ որ մենք կու գանք դուրսէն եւ կը տեսնենք այս հողատարածքին մէջ եղած հրաշալիքները մէկ-մէկ, գոհութիւն եւ փառք կու տանք Աստուծոյ եւ կ՚ըսենք, որ սուրբ հոգին իր գործը կը շարունակէ մեր Եկեղեցիին մէջ եւ իրապէս եկեղեցին կը զօրանայ իր զօրաւոր կառոյցներով: Մեր աղօթքները նաեւ Վեհափառ Հայրապետին: Նաեւ այս նոր պատրիարքին խնդրանքը ձեզմէ՝ աղօթեցէք նաեւ իրեն համար: Եւ եթէ այս գիրքերէն պիտի առնէք, էջ մը կարդացէք ինծի համար, որպէսզի Տէրը իմաստութիւն տայ ինծի, յատուկ շնորհներ տայ՝ այս դժուար պարտականութիւնը կատարելու համար: 

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020