ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՍԵՐՊԻԱՅԷՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՆԵՐ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրասիրեց Օհրիտի Սեն Քլեմենթ Աստուածաբանական համալսարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ գլխաւորութեամբ Փրոֆ. Մոմչիլօ Փաւլովիչի։ Սերպիայէն եկած երիտասարդ աստուածաբանները եւ իրենց դասախօսը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան նորին սրբազնութեան կողմէ։ Անոնք առաջին անգամ կը գտնուէին հայկական հաստատութեան մը յարկէն ներս։ Հիւրերը տարրական պատկերացում մը կազմեցին Պատրիարքական Աթոռին, թրքահայ համայնքին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մասին։ Երիտասարդները հետաքրքրութեամբ լսեցին ընդհանուր փոխանորդին բացատրութիւնները եւ ուղղեցին զանազան հարցումներ։

Հիւրերը սերպերէնով երգեցին Ս. Յարութեան տօնի երգ մը։ Ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով անոնք նորին սրբազնութեան նուիրեցին իրենց վարժարանին վերաբերեալ գրքոյկ մը։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, սերպ երիտասարդ աստուածաբաններուն փոխանցեց իր օրհնութիւնները, գնահատեց անոնց ընդգրկած ծառայութեան ճանապարհը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Միւս կողմէ, ընդհանուր փոխանորդը Ս. Զատկի առթիւ երէկ ընդունեց քաղաքիս եթովպական համայնքի հոգեւոր առաջնորդի շնորհաւորական այցելութիւնը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 13, 2018