ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց կանանց ճաշկերոյթ մը։ Ֆլորիայի «Տեւելի» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս կանանց հաւաքը՝ ի նպաստ վարժարանին։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Ծնողաց միութեան ատենապետուհի Ժանէթ Արծիւեան, որ ջերմօրէն ողջունեց բոլոր ներկաները։ Ու մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Վազգէն Պարընին, որ նպաստած էր այս հաւաքոյթի կազմակերպման։

Ֆէրիգիւղի վարժարանի ծնողաց միութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները. Ժանէթ Արծիւեան, Դալար Տոլար, Լետա Խրիմեան, Սիլվա Քըրալըմ, Լեռնա Էօրտէքօղլու, Այլին Սանթալու, Հայրիյէ Փէք, Էլիզ Ահճը, Իլտա Աշճը, Աննա Սարըօղլու, Զիւպէյտէ Կէօքչէ, Նաթալի Օքթայ եւ Գարօլին Քեպապճը։

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 13, 2018