ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Գումգաբուի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուայ հունձքին։ Նախընթաց օր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը, որով այս տարուան 13 շրջանաւարտները հրաժեշտ առին դպրոցէն։
Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որուն ընկերացաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ գործակից ընկերները, Գումգաբուի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Շրջանաւարտները հանդէսի ընթացքին գործադրեցին ամփոփ յայտագիր մը, որու աւարտին ստացան իրենց վկայականները։
Աւելի վերջ «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ անոնք միասնաբար զուարճացան եւ իրարու յաջողութիւն մաղթեցին՝ ապագայ ուսումնառութեան ճանապարհին։ Բոլորը խոստացան դպրոցէն վերջ իրարու հետ կապերը ամուր պահել՝ մինչ Գումգաբուի ընտանիքն ալ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ անոնց նկատմամբ։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024