ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ ԵԶԱԿԻ ԾՐԱԳԻՐ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողակարգային լրատուութեան բաժանմունքը կը տեղեկացնէ.-

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս գոյութիւն ունի պարտէզ մը, որուն յիշատակը աւանդուած է երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքէն։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի օրհնութեամբ եւ ատենապետ Լեւոն Շատեանի գլխաւորած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ջանքերով ու թաղեցիներէն՝ Անդրանիկ Պալճեանի անձնուէր աշխատութիւններով՝ սոյն պարտէզը սկսած է ծաղկազարդուիլ։ Այս առթիւ եկեղեցւոյ երդիքէն ներս հաստատուեցան պարտիզպանութեան աշխատութիւններ։ Մասնակիցներ առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու բոյսերուն։

Պարտիզպանութեան աշխատութիւններուն առաջինը տեղի ունեցաւ 12 Յուլիս 2017, ժամը 19.00-ին։ Մասնակից տղաքը նախ համախմբուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր Հայր Սուրբին եւ աշխատութեանց հսկիչ՝ Անդրանիկ Պալճեանի  կողմէ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան աշխատութեանց մասին։ Ներկայ էին Կրօնական ժողովոյ ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Լեւոն Շատեան։ Ապա, բոլոր ներկաները խմբովին այցելեցին պարտէզը, ուր հանդիսապետութեամբ Նորին սրբազնութեան տեղի ունեցաւ Արտի օրհնութեան արարողութիւնը, ըստ Մաշտոցի ցուցմունքներուն։

Սրբազան հայրը մանուկներուն տուաւ նաեւ խրատներ՝ յիշեցնելով, թէ Աստուած ստեղծեց բնութիւնը եւ մարդուն յանձնեց, որպէսզի գեղեցկացնէ զայն։ Հետեւաբար սոյն աշխատութեամբ մասնակիցներ փոքր պարտէզի մը մէջ առիթը պիտի ունենան մօտէն տեսնելու բնութեան հրաշալիքը։ Շնորհաւորեց աշխատութեանց կազմակերպիչները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։ Ապա, մասնակիցներ իրենց հսկիչին առաջնորդութեամբ ծանօթացան բոյսերուն եւ իրենց բերքերուն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2017