ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց Իսթանպուլի նահանգապետարան։ Ան հիւրընկալուեցաւ կուսակալ Ալի Եէրլիքայայի կողմէ։

Նորին սրբազնութեան ընկերացան Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Կրօնական ժողովի անդամներէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մըն է այս մէկը՝ մանաւանդ, որ յառաջիկայ շաբթուան մէջ նախատեսուած է նախաձեռնարկ մարմնի մը ստեղծուիլը։

Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ շուրջ կէս ժամ տեւած է տեղապահ սրբազան հօր եւ Իսթանպուլի կուսակալին զրոյցը։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, անմիջական հանդիպման ժամանակ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ալի Եէրլիքայային՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան համար։ Իր կարգին, կուսակալն ալ շնորհաւորած է նորին սրբազնութիւնը եւ անոր յաջողութեան մաղթանքներ յղելու առընթեր շեշտած է, որ նահանգապետարանը միշտ պատրաստակամ է մեր համայնքին նեցուկ կանգնելու։

Եկեղեցական հայրերը շնորհակալութիւն յայտնելով հրաժեշտ առած են կուսակալ Եէրլիքայայէն։

Պատրիարքարանի աղբիւրները այլ որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած երէկուան զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։

Շաբաթ, Յուլիս 13, 2019