ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ օծման արարողութիւն, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան։ Հարկ է նշել, որ վերջին ամիսներուն Աթոռանիստ Մայր եկեղեցիէն ներս ընդհանուր մաքրութեան եւ ներկի աշխատանքներ կատարուեցան։ Այս բոլորի աւարտին Մայր եկեղեցին երէկուան հանդիսաւոր արարողութեամբ օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Հարկ է նշել, որ այս աշխատանքները կատարուած էին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Չավուշեան ընտանիքի զօրակցութեամբ։

Արարողութեան ներկայ էին Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը օծման արարողութեան աւարտին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Աւարտին, ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի կողմէ գլխաւորուած Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը թէյասեղանով մը պատուեց հոգեւոր հայրերն ու օծումի մասնակիցները։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2020