ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Բարձր փորձագիտութիւնները՝ մասնաւորապէս տեղեկատուութեան փորձագիտութիւնները հետզհետէ աւելի գերակշիռ տեղ մը զբաղեցնել սկսած են մարդկութեան առօրեային մէջ։ Զուգահեռաբար՝ ուսումնական հաստատութիւններու կրթական ծրագիրներուն մէջ ալ տեղ կը գտնեն համապատասխան առարկաներ, որպէսզի նոր սերունդը տակաւին դպրոցական տարիներէն սկսեալ զինուած ըլլայ այս ուղղութեամբ։ Երկար տարիներէ ի վեր պոլսահայ վարժարաններէն ներս ալ համապատասխան աշխատանքներ կը տարուին եւ կը նկատուի արդիւնաւէտութիւն։ Ի լրումն այս բոլորին միջվարժարանային մրցոյթներուն մէջ ալ այս բնագաւառը առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել սկսած է։

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Եշիլգիւղի վարժարանի սաները վերջերս համապատասխան մրցոյթի մը մէջ արձանագրած են փայլուն յաջողութիւն։ «Root 2021» խորագրեալ ռոպոթիկ քոտաւորման մրցոյթին մասնակցութիւն բերին դպրոցի սաներէն Միլա Տեւեճեան եւ Տէրուն Տուվարճը։ Ուսուցչուհի Աղաւնի Տուրասլանի հսկողութեան ներքեւ անոնք մասնակցեցան այս մրցոյթին, որու ընթացքին Թուրքիոյ երկրորդը հանդիսացան։ Հարկ է նշել, որ 2500 խումբ կը մասնակցէր այս մրցոյթին, որու ծիրէն ներս նոյնաժամանակ եշիլգիւղցի սաները արժանի նկատուեցան նաեւ գործնականութեան ու ծրագրաւորման յարակից մրցանակի մը։

Նոյն ծիրէն ներս, դարձեալ Աղաւնի Տուրասլանի գլխաւորութեամբ, Միլա Տեւեճեանէ եւ Քրիս Էօզհալլաճեանէ բաղկացեալ ուրիշ խումբ մը Թուրքիոյ առաջին հանդիսացած է՝ առողջապահութեան համակարգերու եւ փորձագիտութիւններու մարզին վերաբերեալ նախագծով մը։ Եշիլգիւղի վարժարանէն երրորդ խումբ մը՝ Նիքոլ Թաշճեան, Սեւակ Իւչքարտէշ եւ Այգուն Ներսէսեանի մասնակցութեամբ բնագիտութեան վերաբերեալ ծրագիրով մը նուաճած է Թուրքիոյ երրորդի տիտղոսը։ Այս խումբին ալ գլուխը գտնուած է ուսուցչուհի Այլին Ճըրըլ։

Եշիլգիւղցի սաները այս յաջողութիւններու հիման վրայ յառաջիկայ նոյեմբերին Էսթոնիայի մէջ պիտի մասնակցին համաշխարհային աւարտականի մը։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Եշիլգիւղի վարժարանի սաները եւ իրենց ուսուցիչները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021