ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ 14 ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՏՈՒԱՒ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը 2020-2021 ուսումնական տարուայ աւարտին ունեցաւ տասնչորս շրջանաւարտ։ Թէեւ քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով դասաւանդութիւնները ընդհանրապէս հեռավար դրութեամբ տեղի ունեցան, սակայն դպրոցը յաջողեցաւ անխափան ձեւով տարի մը եւս հասցնել աւարտին, մինչ այս տարուայ ընթացաւարտներն ալ մեկնեցան Հայաստան, ուր պիտի շարունակեն իրենց ուսումը։ Այս գործընթացի յարատեւութիւնը ամէն տարի քիչ մը աւելի կ՚արդարացնէ դպրոցի գոյութիւնը եւ զայն կ՚ամրապնդէ իր առաքելութեան ճանապարհին։

 Դպրոցի այս տարուայ տասնչորս շրջանաւարտներէն տասներկուքը արդէն մեկնած է Հայաստան։ Անոնք են՝ Ալվարդ Աւագեան, Էմմանուելլա Պաղտասարեան, Ժագլին Բաղրամեան, Սիրուշօ Գէորգեան, Էդիկ Դանիէլեան, Մարիամ Խաչատրեան, Ալիսիա Յովհաննիսեան, Սվետլանա Ղուկասեան, Սենիկ Մկրտչեան, Սամուէլ Պետրոսեան, Սաշիկ Պետրոսեան եւ Գայիանէ Ստեփանեան։ Միւս երկու ընթացաւարտներն են՝ Առէն Սարգսեան եւ Անի Սարգսեան, որոնք նոյն հաստատութեան մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը։

Հարկ է նշել, որ այս տարուայ դպրոցի առաջինը հանդիսացած է Ալվարդ Աւագեան, որ իր գերազանց յաջողութեան բերումով ստացած է կարմիր վկայական։  

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը ուսում կը ջամբէ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած ընտանիքներու զաւակներուն։ Պաշտօնական կարգավիճակ մը չունի այս դպրոցը եւ իր գործունէութիւնը յառաջ կը տանի «հանդուրժուած» ձեւով։ Տնօրէնուհին է Հերիքնազ Աւագեան։ Հիմնադրուած շրջանէն ի վեր մատակարարումը կ՚իրականաց-ւի կամաւորներու հոգաբարձութեան մը կողմէ, որու գլուխը կը գտնուի Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021