ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի երիտասարդ անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ջերմօրէն ողջունեց կամաւոր երիտասարդները։ Ան նշեց, որ Պատրիարքական Աթոռը միշտ կը ձգտի մթնոլորտ ստեղծել, որպէսզի երիտասարդները կարողանան ազատօրէն արտայայտել իրենց գաղափարները։ Այս մօտեցումը Պատրիարքարանի կողմէ իւրացուած է՝ որպէս հիմնական պատասխանատուութիւն։ Ուստի, Նորին Ամենապատուութիւնը նոր սերունդի ներկայացուցիչներու Պատրիարքարանի երդիքին տակ համախմբուիլը համարեց մեծապէս կարեւոր ու լուրջ արժէք վերագրեց այդ երեւոյթին։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դրուատեց համայնքի երիտասարդ տարրերուն ընկերային զօրակցութեան առումով յանձնառութիւնը։

Հաւաքոյթի տեւողութեան երիտասարդներուն եւ Նորին Ամենապատուութեան միջեւ ծաւալուեցաւ ջերմ զրոյց։ Անոնք ուրախութիւնը ապրեցան՝ իրենց հոգեւոր պետի անմիջականութեան ու մտերմութեան առարկայ դառնալու՝ կարծիքներու արտայայտումով հանդերձ։

Հանդիպման աւարտին, հաճելի անակնկալով մը, երիտասարդներէն Լիտիա Ալաչամ եւ Ռոյ Կիւնթեր խնդրեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը՝ քանի կը պատրաստուէին նշանախօսութեան։ Պատրիարք Հայրը ջերմ վերաբերմունքով օրհնեց անոնց մատանիները ու մաղթեց, որ Աստուած Ս. Պսակին արժանացնէ զանոնք։ Այս հանդիպման շրջանին կը զուգադիպէր այս երիտասարդներէն ոմանց տարեդարձը, ուստի հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021