ԸՆՏՐԱՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու մանրամասնութիւններ փոխանցեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ վերջերս Անգարայի մէջ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին։ Ան յայտնեց, թէ մամուլին մէջ ամենայն մանրամասնութեամբ թէեւ հաղորդուած էր զրոյցին բովանդակութիւնը, սակայն յարմար դատած էր նաեւ համայնքի վարիչները լուսաբանել պաշտօնապէս, ուղղակիօրէն։ Այս ամբողջին մէջ Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, որ Էրտողանի հետ շօշափած էր թէ՛ պատրիարքական եւ թէ համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութիւններուն խնդիրը։ Այս եւ միւս հարցերուն նկատմամբ Էրտողան ցուցաբերած էր շատ լայնախոհ ու շինիչ մօտեցում մը։ Շիրինօղլուի տպաւորութիւնը այն է, որ նախագահը պատրաստակամ է կարելին ընելու համայնքային առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ։
Ընտրութիւններու հարցին զուգահեռ VADİP-ի ժողովին ընթացքին խօսակցութիւն ծաւալուեցաւ շատ կենսական հարցի մը շուրջ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու համայնքային վարիչներու նկատառման յանձնեց, որ թէ՛ պատրիարքական եւ թէ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններուն համար կայ կատարուելիք շատ կարեւոր ու հիմնական նախապատրաստական աշխատանք մը։ Այդ մէկն է մեր համայնքի ընտրողներու ցուցակներուն պատրաստութիւնը։ Ծանօթ է, որ ընտրութիւններու հարցը փակուղիի մտած է նաեւ ընտրացուցակներէ ծագած հարցերու եւ տարաձայնութիւններու հետեւանքով։ Հետեւաբար, անկարելի է, որ նոր կանոնադրութեան հաստատուելէն վերջ հին ցուցակներով ընտրութիւն կատարել։
Համայնքային վարիչները այժմ կը նախատեսեն շարժման անցնիլ այս էական խնդրի յաղթահարման համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024