ՏՆՕՐԷՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԺՈՂՈՎ

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութիւնը երէկ հիւրընկալեց համայնքային վարժարաններու տնօրէնները։ Ինչպէս ծանօթ է, միութեան նորընտիր վարչութիւնը վերջին շրջանին աշխոյժ թափով յառաջ կը տանի բազմակողմանի շփումներ համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ի շարունակութիւն՝ նորընտիր վարչութիւնը երէկ խորհրդակցութեան հրաւիրած էր համայնքային վարժարաններու տնօրէնները։ Այս հրաւէրին ընդառաջեցին մեր կարգ մը դըպ-րոցներու տնօրէնները, որոնք տեղեկութիւններ ստացան նորընտիր վարչութեան ծրագրերուն շուրջ։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ատենապետ Կարապետ Մխալեան ուրախութեամբ տեղեկացուց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը պիտի շարունակէ իր զօրակցութեան առարկայ դարձնել մեր կրթական մշակները։ Միութիւնը համագործակցութեան գետին մը ստեղծած է նաեւ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հետ՝ նոյնպէս մեր կրթական մշակներու առողջապահական ծառայութիւններուն համար։

Միւս կողմէ, հաւաքոյթի ընթացքին նորընտիր վարչութիւնը ներկայ տնօրէններուն հաղորդեց նաեւ, որ կը ծրագրէ յառաջիկայ ամիսներուն երկու մեծ հաւաքներ կազմակերպել՝ մեր համայնքի բոլոր կրթական մշակներու ներգրաւումով՝ անկախ իրենց դասաւանդած առարկաներէն։

Այդ հաւաքներուն ընթացքին նախատեսուած են մեր կրթական մշակներուն ուղղեալ խորհուրդներ՝ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի կողմէ, որ պիտի անդրադառնայ կրթական հարցերու։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018