ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Գալֆաեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ մարմնամարզի միջվարժարանային աւանդական մրցոյթը, որ տեղի ունեցաւ Աթագիւղի մէջ։ Այս տարի 15-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային սոյն մրցաշարքը։ Համայնքային տասնհինգ վարժարանէ երեք հարիւր յիսուն աշակերտ մասնակցեցաւ մրցաշարքին, որու կազմակերպչական աշխատանքները համակարգեց Գալֆաեան Տան երաժշտութեան ուսուցիչ Հաքան Կիւնարթան։

Տղաքը չորս ճիւղերու մէջ չափեցին իրենց ուժերը՝ իրենց մարմնամարզի ուսուցիչներու վերահսկողութեան ներքեւ։ Աւարտին տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն, որու ընթացքին դափնեկիրները ստացան իրենց մետայլները։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018