ՄԻՋՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐ
Պէզճեան Մայր վարժարանի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցան՝ Միջնախակրթարանային մտախաղերը, որոնք առիթ հանդիսացան մեծ ոգեւորութեան։ Հարկ է նշել, որ սոյն մրցոյթը այս տարի չորրորդ անգամ կազմակերպուեցաւ՝ համագործակցութեամբ Թրքական ուղեղի ակումբի եւ անոր յարակից հրատարակչութեան։ Բացի Պէզճեան Մայր վարժարանէն, այս մտախաղերուն մասնակցեցան համայնքային ինն նախակրթարաններէ խումբեր։ Աշակերտները զանազան ճիւղերու մէջ չափեցին իրենց գիտելիքները։ Արդէն այս մթնոլորտին մէջ բիւրեղացաւ, որ մեր դպրոցներէն ներս մեծ զոհողութիւններով յառաջ տարուած աշխատանքները որքան կ՚արդարանան՝ տղաքը գիտելիքներով օժտելու ճանապարհին։
Մտախաղերու արդիւնքին՝ խմբային դասաւորման մէջ յառաջատար դարձաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը, որուն յաջորդեցին Գարակէօզեան Տան եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի խումբերը։ Անհատական դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Նարեկ Եաւուզ, իսկ միւս դափնեկիրները եղան՝ Սելին Եիւճէեաթաք եւ Յարութիւն Տիտոնեան։
Հարկ է նշել, որ ծրագրին մասնակից դպրոցական խումբերը կը վերահսկուէին իրենց ուղեցոյց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն կողմէ։
Հուսկ, բոլորը ջերմօրէն շնորհաւորեցին դափնեկիրները, կազմակերպիչները եւ բոլոր մասնակիցները։ Հաճելի մթնոլորտի մէջ, բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ կազմակերպուած մտախաղերու մասնակիցները իրարու հրաժեշտ տուին՝ յաջորդ տարի զիրար վերագտնելու մաղթանքով։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024