ՀԵՀԵՄ-Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԷՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ Իսթանպուլէն տասն հոգիէ բաղկացեալ երիտասարդներու խումբ մը յուլիսի 5-10 թուականներուն միջեւ մասնակցեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորումի (ՀԵՀԵՄ) համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Աղվերան քաղաքին մէջ: Իսթանպուլի խումբը կը գլխաւորէր Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան: Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան եւ Նորա Շէնեան:

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ կազմակերպուած համագումարը տեղի ունեցաւ Կոտայքի թեմի Աղվերան գաւառին մէջ: Համագումարին նախագահեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ եւ ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր վարիչ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Ներկայ էին նաեւ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Մուրատեան եւ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան: Համագումարը կազմակերպուած էր ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր տեսուչ Տ. Թովմա Վարդապետ Խաչատրեանի եւ ՀԵՀԵՄ-ի անձնակազմին կողմէ:

Համագումարի այս տարուան բնաբանն էր «Սուրբ Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր»: Համագումարին մասնակցեցան նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսաստանէն, Աւստրիայէն, Գերմանիայէն, Ռումանիայէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն եւ Հայաստանի զանազան թեմերէն աւելի քան 150 երիտասարդներ:

Համագումարի ընթացքին երիտասարդներ մասնակցեցան զանազան դասաւանդութիւններու եւ կատարեցին աշխատութիւններ: Սոյն համագումարը ունէր նաեւ ուխտագնացութեան բնոյթ, որու ծիրէն ներս երիտասարդներ առիթն ունեցան ընդունուելու Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ: Նորին Սրբութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վեհարանի պարտէզին մէջ ընդունեց մասնակիցները եւ տուաւ իր հայրական խրատները: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ բարձր գնահատեց Պատրիարքական Աթոռի բազմանդամ մասնակցութիւնը այս տարուան համագումարին: Երիտասարդներ մի առ մի ստանալով Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութիւնը, շարունակեցին ուխտագնացութիւնը: Նոյն օրը անոնք այցելեցին Ս. Գայիանէ եւ Ս. Հռիփսիմէ վանքերը, նաեւ Զուարթնոց տաճարը:

Ուխտաւորներ մասնակցեցան նաեւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի՝ Չարենցաւանի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որու առընթերակայ էին Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Պարգեւ Ուհանեան եւ Սարվէն Թուղլա ուրարակիր դպիրները: Իսկ Պոլսոյ խումբէն այլ երիտասարդներ եւս մաս կազմեցին երգչախումբին: Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Կոտայքի թեմի առաջնորդ Տ. Առաքել Եպսկ. Քարամեան: Պատարագիչ սրբազան հայրը քարոզի սկիզբին գնահատեց նաեւ բոլոր մասնակիցները եւ Պատրիարքական Աթոռի մասնակցութիւնը։

Յաւարտ ժողովներու, մասնակիցներուն բաժնուեցան վկայագիրներ։

Խումբը քաղաքս վերադարձաւ արդէն ներկայ շաբթուան սկիզբին։

Ուրբաթ, Յուլիս 14, 2023