ԱՂԷՏ ԵՒ ՏԱՂԱՒԱՐ…

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին առթիւ նախագահեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։ Աւանդական ուխտագնացութիւնը այս տարի ունէր բացառիկ նշանակութիւն՝ քանի Թուրքիոյ հարաւի շրջաններու սակաւաթիւ հայերը այս տարի մխիթարանքի պէտք ունէին՝ տակաւին թօթափած չըլլալով երկրաշարժի պատճառած ցնցումին հետեւանքները։ Նորին Ամենապատուութեան ուղեւորութիւնը յաչս հանրային կարծիքին յիշեցում մը եղաւ, թէ վէրքերը տակաւին չեն սպիացած։ Նորին Ամենապատուութեան ուղեւորութեան մասին Պատրիարքարանի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Մերսինի կուսակալ Ալի Համզա Փեհլիվանին։ Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանային գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Իսքենտէրունի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշեան։ Այս առթիւ կուսակալ Փեհլիվան, որ անցեալ տարի ծանօթացած էր Նորին Ամենապատուութեան հետ, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ այս տարի եւս հանդիպում ունեցած է։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց կուսակալին իր գործունէութեանց մէջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կուսակալութեան պաշտօնարանէն բաժնուելէ յետոյ ցամաքի ճամբով Մերսինէն մեկնեցաւ դէպի Հաթայ։

Աւելի վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յետմիջօրէին այցելեց Հաթայի գլխաւոր քաղաքապետարանը։ Քաղաքապետ տոց. տքթ. Լիւթֆի Սավաշ պաշտօնական անակնկալ հանդիպումի մը համար քաղաքէն դուրս կը գտնուէր, հետեւաբար Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունուեցաւ փոխ-քաղաքապետ Ատնան Էօզքայայի կողմէ, որ փոխանցեց Սավաշին ողջոյնները ու օրուան այցելութեան ի յիշատակ յուշանուէր մը յանձնեց իրեն։ Ան նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ երկրաշարժի գործած աւերներու դարմանման համար քաղաքապետարանի տարած աշխատանքներուն կապակցութեամբ։ Սոյն այցելութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ուղեկցէին Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Եուսուֆ Թապաշեան, նաեւ Լինտա Քափլան։

Ապա, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր հետեւորդներով այցելեց Առսուզի Ս. Յովհաննէս ուղղափառաց եկեղեցին, որ երկրաշարժէն մեծապէս վնասուած էր։ Եկեղեցւոյ մուտքին Նորին Ամենապատուութեան բարի գալուստ մաղթեցին Իսքենտէրունի եւ Առսուզի սուրբ Եկեղեցեաց երէց Տ. Տիմիթրի Եըլտըրըմ, եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճէմիլ Թուրան եւ խորհրդականներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ի տես եկեղեցւոյ աւերեալ վիճակին՝ իր ցաւը յայտնեց եւ հայրական օրհնութեամբ մխիթարեց ներկայ հաւատացեալները եւ յիշեցուց, որ աղօթակից էր իրենց այս դժուարին պահերու յաղթահարման համար։ Վերջին օրհնութեան աղօթքը արտասանելէ յետոյ մեկնեցաւ։

Նոյն գիշերը, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսքենտէրունի ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ համախմբուեցաւ սիրոյ սեղանի շուրջ եւ երկրաշարժէն յետոյ փոքր վնասներ կրած բնակարաններու վերանորոգութեան համար Եուսուֆ Թապաշի եւ խորհրդականներուն տարած վճռական աշխատանքները գովեց եւ իրենց յաջողութիւն մաղթեց։

Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հետեւորդները գիշերեցին Իսքենտէրունի լատին կաթոլիկ վանքին մէջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յաջորդ առաւօտ վանքի սեղանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքի հայ համայնքի անդամներուն հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յետերկրաշարժի երկրորդ հովուապետական այցելութիւնը կու տար։ Առաջինին ցաւ զգացած էր, քանի որ համայնքի բազմաթիւ անդամներ երկրաշարժի պատճառով այլ քաղաքներ փոխադրուած էին։ Այս անգամ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ շատեր վերադարձած են եւ առիթն ունեցաւ անոնց հետ զրուցելու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր մխիթարական խօսքերով յայտնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը նեցուկ կը կանգնի իրենց։ Ան հայրական խօսքերով գովեց Տ. Աւետիս Քահանան եւ Եուսուֆ Թապաշը, որոնք երկրաշարժի պատահած առաջին իսկ մէկ օրէն յանձն առած են աշխատակցիլ Պատրիարքարանի հետ կատարուած աշխատանքներուն։ Այս հանդիպումին ներկայ համայնքի անդամները առիթն ունեցան արտայայտուելու եւ իրենց որդիական սէրը յայտնելու Նորին Ամենապատուութեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսքենտէրունէն ուղղուեցաւ դէպի Սամանտաղ. այն գաւառակը, որուն սահմաններուն մէջ կը գտնուի Վաքըֆլըգիւղը։

Նորին Ամենապատուութիւնը յետմիջօրէին այցելեց Սամանտաղի գաւառապետ Մուրատ Աքսույին։ Գաւառապետարանի մուտքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու իր հետեւորդները դիմաւորուեցան Վաքըֆլըգիւղի ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի, Վաքըֆլըգիւղի գիւղապետ Պերճ Քարթունի եւ Կարպիս Քուշի կողմէ։ Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց գաւառապետին, որ կը պաշտօնավարէ երկրաշարժի հետեւանքով ծանր աւերներ կրած շրջանի մը մէջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայր գաւառապետարանէն յետոյ իր հետեւորդներով այցելեց Սամանտաղի քաղաքապետ Ռեֆիք Էրեըլմազին։ Այս առթիւ ան նոյնպէս ընդգծեց ծանր աւերներ կրած շրջանի մը մէջ պաշտօնավարելու դժուարութիւնները՝ մանաւանդ, որ տակաւին կը շարունակուին փլուզումները։ Այս նեղ պայմաններու մէջ յօգուտ քաղաքի իրագործելի շինարարական աշխատութեանց մէջ քաղաքապետին յաջողութիւն մաղթեց։

Քաղաքապետարան այցելութենէն յետոյ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հասաւ Վաքըֆգիւղ, ուր կը տիրապետէ ապրուած երկրաշարժի աւերուածութեան մթնոլորտը, իբր այդ դհոլ ու զուռնայով կատարուած աւանդական խանդավառ դիմաւորման արարողութիւնը տեղի չունեցաւ։ Գիւղացիներ սիրով շրջապատեցին Նորին Ամենապատուութիւնը, որ այցելեց տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որուն զանգակատունը, աւագ սեղանը եւ մկրտարանը աւերուած են։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեսաւ գիւղի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ հաւաքուած կիները, որոնք հարիսայի ցորենը կը մաքրէին։ Այս տեսարանը մխիթարական որակեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, քանի գիւղացիներ կապուած կը մնան իրենց աւանդական սովորութիւններուն։

Աւելի վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ ժողովուրդի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամասացութիւն եւ աղօրհնէք։

Իսկ գիշերը, Նորին Ամենապատուութիւնը յետ կատարուած աղօթքի, բոցավառեց հարիսայի կաթսաներուն կրակները։

Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարի Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ «Մեսրոպ Բ. Պատրիարք» մշակոյթի կեդրոնի սրահին մէջ։ Ժամը 10.00-ին սկսաւ Ս. Պատարագը, զոր մատոյց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ալէն Քուշ եւ Եուսուֆ Թապաշ ու դպիրները։ Երգեցողութիւնները վարեց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Նախքան Տէրունական աղօթքը, քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը, անդրադառնալով Ս. Աստուածածնի Վերափոխման իմաստին։ Ան շեշտեց որ կը դիմենք իր բարեխօսութեան։ Իր խօսքերու ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը գիւացիներուն թելադրեց, որ միասնականութեան ոգի դրսեւորեն։ Յիշեցուց, որ օրհնութիւնը կու գայ հոն, ուր սիրոյ միութեան ներկայութիւնը զգալի կը դառնայ։ Քարոզի վերջաւորութեան ան ընդգծեց Քրիստոսի խօսքին կարեւորութիւնը եւ ըսաւ, որ Քրիստոս նոր պատուիրան տուած էր իր առաքեալներուն ըսելով. «Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, դուք ալ սիրեցէք զիրար։ Եթէ դուք զիրար սիրէք՝ ատով ամէնքը պիտի գիտնան թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Յովհ. 13.34-35)։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք, ապա հարիսայի օրհնութիւն եւ պաշտօն գիւղի վախճանեալ հոգեւոր սպասաւորներուն եւ գիւղացիներուն հոգւոցն ի հանգիստ։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որմէ յետոյ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը մեկնեցաւ դէպի Ատանա եւ օդային ճամբով վերադարձաւ Իսթանպուլ՝ իր Աթոռը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2023