ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՐԻՍՊՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆ՝ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայիս յառաջ կը տարուին վերանորոգման աշխատանքներ։ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէր մեզի յայտնեց, որ եկեղեցւոյ պարիսպները, արտաքին պատերը ամբողջութեամբ կ՚ամրացուին ու կ՚ենթարկուին բարենորոգութեան։ Սա ծաւալուն աշխատանք մըն է անտարակոյս։ Ծխական խորհուրդը անհրաժեշտ նկատած է շինարարական այս ծրագիրը կեանքի կոչել՝ գաւառի մեր այս պատմական եկեղեցւոյ գոյութեան երաշխաւորման տեսակէտէ։

Ատենապետ Զատիկ Թոքէր երախտագիտութեամբ ընդգծեց, որ այս ծրագիրը կեանքի կը կոչուի՝ զօրակցութեամբ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։ Ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ իր ընկերները յարմար դատած են այս ծրագրին զօրակցութիւն բերելու՝ համոզուած ըլլալով, որ սա լուրջ նպաստ մըն է գաւառի մեր ներկայութեան պահպանման տեսակէտէ։ Դարձեալ երախտագիտութեամբ Զատիկ Թոքէր ընդգծեց, որ մեր համայնքի բարերարներէն Հայկ Ասլանեանն ալ ներդրած է իր լուման՝ Կեսարիոյ եկեղեցւոյ այս ծրագրին համար։  

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2017