ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանն ու գործակից ընկերները, որոնց հետ էին նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան եւ դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գալֆաեան Տան տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ ի մօտոյ։ Խնամակալութեան ներկայացուցիչները փափաքած էին Պատրիարքարան այցելել սիրոյ սեղանի ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան։ Հաստատութեան ելմտական կացութեան առընթեր, զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան դպրոցի այժմու վիճակը, ինչպէս նաեւ խնամակալութեան կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքներն ու ծրագրերը։
Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Գալֆաեանի պատասխանատուները Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեսնելու բերումով եւ անոնց յղեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։
Թրքահայ կեանք
- 07/02/2025
- 07/02/2025
- 07/02/2025