ՕԾՈՒՄ ԵՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին երէկ օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ աւանդական արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Բարեկարգման աշխատանքներով ներկայանալի տեսք ստացած եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սրբալոյս Միւռոնով օծեցին եկեղեցւոյ աւագ սեղանը, առաջաւորութեան սեղանը, մատուռներու սեղանները, մկրտութեան աւազանը, եկեղեցւոյ բեմն ու նորոգուած սրբանկարները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աստուծոյ՝ մարդ արարածը ստեղծելու եւ զայն նորոգելու յատկութիւններուն։ Արդարեւ, ապականեալ բնութեան մէջ ամէն ինչ ժամանակի ընթացքին կը հիննայ, իսկ եթէ չնորոգուի, ապա կը փճանայ։ Ուստի, Աստուած մարդն ալ կը ստեղծէ ու կը նորոգէ։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Մասիս Գույումճուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը սարքեց ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցան օծման արարողութեան բոլոր մասնակիցները։ Բացի հոգեւոր հայրերէն եւ համայնքային շրջանակներէ բազում դէմքերէ, ընդունելութեան մասնակից հիւրերու շարքին էր նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու։
Միւս կողմէ, Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ այս առաւօտ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագը, որ զուգադիպեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնի օրուան։