«ՔԻՆՕ ՔՈՆԿ»Ի ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐԸ

«Քի­նօ քոնկ» կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէն­նե­րու ար­տադ­րա­կազ­մը վեր­ջերս ներ­կա­յա­ցուց այն գոր­ծե­րը, ո­րոնք նկա­րա­հա­նուած էին ներ­կայ տա­րուան ըն­թաց­քին։ «Հրանդ Տինք» հիմ­նար­կի կեդ­րո­նի դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, ո­րուն զու­գա­հեռ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Ըն­կե­րա­յին խնդիր­նե­րու հե­տա­մուտ, կա­նո­նա­կան եզ­րե­րէ դուրս թեք­նիկ­նե­րով ար­տադ­րուած տասն­չորս կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէն­ներ ներ­կա­յա­ցուե­ցան հան­դի­սա­տես­նե­րուն։ Ծա­նօթ է, որ «Քի­նօ քոնկ»ի շար­ժու­մը քա­ղա­քիս մէջ կը գլխա­ւո­րէ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ Սար­գիս Փա­չա­ճը։

Ե­րե­կոյ­թի հան­դի­սա­վարն էր Սա­րօ Պայ­վեր­տեան։ Մաս­նա­ւոր հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան Խա­չիկ Պայ­վեր­տեա­նի եւ Մու­րատ Է­զէ­րի դե­րա­սա­ցու­թիւ­նով պատ­րաս­տուած «Թան­կօ» ժա­պա­ւէ­նը եւ «Մավ­րա»ն, ո­րու դե­րա­կա­տար­ներն էին Է­լի­զա­պէթ Օ­րալ, Մի­նաս Մե­ծա­տուր, Վար­դան Փա­չա­ճը եւ Ա­րի Թաշ։

Նոյն­պէս ա­ռան­ձին հե­տաքրք­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ Մկրտիչ Ար­ծի­ւեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ պատ­րաս­տուած փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան գոր­ծը, որ կը վե­րա­բե­րէր շուրջ յի­սուն տա­րի ա­ռաջ Թաք­սիմս­փո­րի եւ Թոփ­րաքս­փո­րի ֆութ­պո­լի հան­դիպ­ման եւ այդ ժա­մա­նակ ապ­րուած լա­րուա­ծու­թեան։

Ե­րե­կոյ­թի յայ­տա­գի­րը ճո­խա­ցաւ վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշակ Գո­հա­րիկ Իւս­թիւ­նի կող­մէ փո­խան­ցուած եր­բեմ­նի Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի վե­րա­բե­րեալ յու­շե­րով եւ Լիա Վար­դա­նեա­նի կող­մէ ջերմ ու ան­մի­ջա­կան ո­ճով մը մեկ­նա­բա­նուած եր­գե­րով։

Հան­դի­սա­տես­նե­րու կող­մէ կա­տա­րուած քուէար­կու­թեան հի­ման վրայ ճշդուե­ցան «Քի­նօ քոնկ»ի դափ­նե­կիր­նե­րը։ Այս­պէս, լա­ւա­գոյն դե­րա­սա­նի պար­գե­ւը նուա­ճեց Ա­րի Թաշ, լա­ւա­գոյն դե­րա­սա­նու­հին հռչա­կուե­ցաւ Ճու­լիա Յա­կո­բեան։ Լա­ւա­գոյն պա­տա­նի դե­րա­սա­նը ընտ­րուե­ցաւ Ար­թուն Ար­ծի­ւեան։ Լիա Վար­դա­նեանն ալ մաս­նա­ւոր պար­գե­ւի ար­ժա­նա­ցաւ՝ ձեռ­նար­կին հա­մար ա­պա­հո­ված նպաս­տին բե­րու­մով։

Հա­ճե­լի ե­րե­կոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին հիւ­րըն­կալ հիմ­նար­կի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015