ԹՈՔԱԹԼԵԱՆ ԽԱՆԻ ՄԷՋ «ԲԱՑ ԴՌՆԵՐ»ՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Պէյօղլուի Թոքաթլեան խանին մէջ երէկ բացուեցաւ «Բաց դռներ» խորագրեալ մեծ ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ դեկտեմբերի 20-ը։ Թոքաթլեան խանի երդիքին տակ բազմաթիւ արուեստագէտներ գործունէութիւն կը ծաւալեն եւ այնտեղ ունին աշխատանոցներ։ Այդ ցուցահանդէսը առաջին հերթին այդ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները կը համախմբէ։ Խանի երկրորդ յարկին վրայ անոնք կեանքի կը կոչեն «Բաց դռներ» ցուցահանդէսը, որ կ՚ընդգրկէ զանազան արուեստի ճիւղերէ ստեղծագործութիւններ։ Ցուցահանդէսը համակարգած են՝ Այլին Փաքովա Չիլ, Եոէլ Մենեմշէ եւ Սոնկիւլ Ճանէրիք։

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը այս ծրագիրը կ՚իրականացնէ՝ համագործակցութեամբ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան եւ հովանաւորութեամբ «ROQU Mobility»ի։

Ցուցահանդէսի երէկուան բացման ներկայ էր նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի անդամներէն Կիւլիզար Արթուչ, որ նաեւ իր ստեղծագործութիւններով կը մասնակցի ցուցահանդէսին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023