ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԵՒ ԷԼԱԶԸՂԻ ՄԷՋ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԱՌԹԻՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ս. Ծննդեան տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արտօնութեամբ, Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի եւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեանի, հովուական այցելութիւններ տուաւ Էլազըղի ու Մալաթիոյ հայ համայնքներուն։

Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ ընկերակիցները 10 յունուար, հինգշաբթի առաւօտ, օդային ճամբով մեկնեցան Էլազըղ, ուր դիմաւորուեցան տեղւոյն ազգայիններուն կողմէ։ Անոնք այցելեցին հայ համայնքի անդամներու բնակարանները։ Մինչ այդ, Անտիոքի շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան այցելեց տեղւոյն գերեզմանատունը։ Յիշատակուեցան Էլազըղի երբեմնի հոգեւոր ու ազգային սպասաւորներն ու տեղւոյն հանգուցեալ հաւատացեալները։

Նոյն երեկոյեան, ժամը 18.00-ին, Փիշկին ընտանիքի բնակարանին մէջ մատուցուեցաւ առտնին Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի։ Աւարտին Ս. Ծննդեան առթիւ կատարուեցաւ Ջրօրհնէք, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Ս. Մկրտութիւնը։ Հայր սուրբը Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հօր ողջոյններն ու օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք, քարոզեց եւ շեշտեց վերանորոգութեան կարեւորութիւնը։ Ան օրհնեց ներկաները իրենց արժէքներուն նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութեան համար եւ բարեմաղթութիւններ յղեց անոնց։

Յաջորդ առաւօտ՝ 11 յունուար, ուրբաթ, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ ընկերակիցները մեկնելով Էլազըղէն, ցամաքային ճամբով հասան Մալաթիա։ Անոնք այստեղ դիմաւորուեցան Մալաթիոյ Հայրենակցական միութեան ատենապետ Սարգիս Չիզմէճիի ու ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզի կողմէ։

Խմբովին այցելութիւն մը տրուեցաւ կիսաւեր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին ու ապա՝ Վէնքի մատրան։ Տեղւոյն հայ համայնքի անդամներ յայտնեցին, թէ ներս մտնելու դժուարութիւն կ՚ունենային, քանի բանալիները կը գտնուէին կուսակալութեան մօտ ու համայնքը չունէր բանալիներէն օրինակ մը։

Նոյն երեկոյեան, ժամը 18.00-ին Տեղւոյն Ազգային Գերեզմանատան մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեանի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի Ս. Ծննդեան առթիւ այստեղ եւս կատարուեցաւ Ջրօրհնէք։ Հայր սուրբը Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազան հօր ողջոյններն ու օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք, քարոզեց եւ շեշտեց վերանորոգութեան կարեւորութիւնը։ Ան օրհնեց ներկաները իրենց արժէքներուն նկատմամբ ցուցաբերած նախանձախնդրութեան համար եւ այստեղ եւս բարեմաղթութիւններ յղեց անոնց։ Հայր սուրբն ու ընկերակիցները նոյն գիշեր օդային ճամբով վերադարձան Իսթանպուլ։

Այցելութեանց ընթացքին Էլազըղի ու Մալաթիոյ հայ համայնքի անդամները մեծապէս ուրախ էին, Ս. Ծննդեան տաղաւարի առթիւ կատարուած արարողութեանց մասնակցած ըլլալով։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պատրիարքական Աթոռոյ ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։

Երեքշաբթի, Յունուար 15, 2019