ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Մեծ պահոց աւանդական եռօրեայ ուխտագնացութիւնը սկսաւ Կեսարիայէն։ Նախապատրաստական աշխատութիւնները տեսնելու համար՝ 8 Մարտ, Հինգշաբթի երեկոյեան, Կեսարիա մեկնեցան՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան եւ Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։ Հոգեւոր հայրերը դիմաւորուեցան տեղւոյն Ծխական խորհուրդի անդամներուն կողմէ եւ ուղղուեցան դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Կատարուած աշխատանքներէն յետոյ, ժամը 17.00-ին, տեղի ունեցաւ Խաղաղական ժամերգութիւն, որմէ յետոյ կատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նախատօնակի արարողութիւն։

9 Մարտ, Ուրբաթ, առաւօտեան կանուխ ժամերուն ուխտաւորներ օդային եւ ցամաքի ճամբով սկսան հասնիլ Կեսարիա։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարելու համար Կեսարիա ժամանեցին Սեւան Արապօղլու, Արտա Փնարճը, Մուրատ Իչլինալչա, Հրանդ Չիզմէճեան, Արթիւր Պաղտասարեան եւ Արման Ալթընթեփէ։

Ժամը 09.30-ին, ուխտաւորներու ժամանումով սկսաւ ժամերգութիւնը։ Յետ արարողութեան, ժամը 10.30-ին, եկեղեցւոյ զանգերը կ՚աւետէին Ս. Պատարագի սկիզբը։ Ս. Պատարագը մատոյց եւ օրուայ պատգամը տուաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Սեւան Կսրկ. Արապօղլու, Արտա Կսրկ. Փնարճը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու եւ ուխտաւորներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի։ Արարողութեան ներկայ էին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Զատիկ Թոքէրի։

Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց պատարագիչ հայր սուրբը, ողջունելով ուխտաւոր ժողովուրդը։

Հայր սուրբը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կեանքէն դրուագներ տալով անդրադարձաւ իր հաւատքին։ Յիշեց թէ, Կեսարիան,  Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի որպէս քրիստոնեայ սնած քաղաքն էր այդ շրջանի մէջ ստացած աստուածաբանական գիտելիքներով, ան հաստատուեցաւ իր սուրբ հաւատքին մէջ։ Հայր սուրբը գովեց այս հաւատքը եւս ըսաւ. «Ո՞վ կրնար սիրել Խոր Վիրապը, բացի հայոց լուսաւորիչէն։ Ո՞վ կրնար լոյսի մասին մտածել այդ խաւարին մէջ՝ բացի մեծ հաւատացեալէն։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կեանքով տեսանք, թէ մահը կրնայ կեանքի վերածուիլ, իսկ պատժավայրը՝ ուխտատեղիի։ Եկեղեցին առանց հաւատացեալի, դժբախտաբար կը յիշեցնէ մահը, բայց այսօր հաւատացեալներու ներկայութեամբ այս եկեղեցին կը շեշտէ կեանքը։ Հետեւաբար Խոր Վիրապի նման յուսալքող տեսարան մը, Աստուծոյ ներկայութեամբ կը փոխակերպուի յուսադրիչ տեսարանի։ Փառք տանք, որ այս ուխտատեղին կը մնայ կանգուն, ու միշտ ջանանք կեանքին իմաստին անդրադառնալ այստեղ»։ Հետեւաբար հայր սուրբը մաղթեց որ աստուածային լոյսը ներգործէ ներկայ բոլոր ուխտաւորներուն հոգիներէն ներս, բարեխօսութեամբը Կապադովկեան սուրբ հայրերու եւ մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի։

Հայր սուրբը գնահատեց տեղւոյն ծխական խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ Զատիկ Թոքէրի։ Անոնք կը ջանային պայծառ պահել եկեղեցին։ Վերջերս իրենց աշխատութեամբ եւ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի օժանդակութեամբ, նաեւ Կեսարիոյ քաղաքապետի բարոյական աջակցութեամբ վերամրացուած էին եկեղեցւոյ արտաքին պատերը։ Այս առթիւ, հայր սուրբը յանուն ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ իրենց մաղթեց ուժ ու կարողութիւն։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ երանաշնորհ Շնորհք եւ Գարեգին պատրիարքներու, Կեսարիոյ թեմի վախճանեալ առաջնորդներու, հոգեւոր հայրերու, Կեսարիոյ եկեղեցւոյ նորոգ վախճանեալ բազմավաստակ պատուակալ երէց Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի եւ հանգուցեալ կեսարացիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։ Այս առթիւ յիշատակուեցան նաեւ ուխտաւորներու հանգուցեալ հարազատները։

Արարողութեան աւարտին, հայր սուրբը յիշեցուց, թէ ժողովուրդէ զուրկ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ տօնակատարութեան առիթով յարութիւն կ՚առնէր։ Հետեւաբար ներկաները հրաւիրեց Ս. Յարութեան եւ քրիստոնէական նոր կեանքի խորհրդանիշ շարականը միասնաբար երգելու ու ողջունելու եկեղեցւոյ տօնակատարութիւնը։ Զանգակներու ղօղանջով երգուած «Գովեա Երուսաղէմ» շարականով, պատարագիչ հայր սուրբը առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ խորհրդարանը, ուր տուաւ վերջին օրհնութիւնը։

Հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորաց  խումբը, նոյն օր ճամբայ ելան դէպի Իսքենտերուն։

Իսքենտերունի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ, 10 Մարտ, Շաբաթ, Ս. Քառասնից Մանկանց տօնին։ ժամը 09.00-ին սկսան ժամերգութիւնները, հանդիսապետութեամբ՝ Յարութիւն Աբեղայի եւ մասնակցութեամբ քահանայ հայրերու եւ ուխտաւոր դպիրներուն։ Ս. Պատարագը մատուցանեց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Սեւան Կսրկ. Արապօղլու, Արտա Կսրկ. Փնարճը, Արման Ալթընթեփէ եւ Իսքենտերունի եկեղեցւոյ երիտասարդ դպիրներէն՝ Տավուտ Սարաչօղլու։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու եւ ուխտաւորներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ  Հրանդ Չիզմէճեանի։

Տէրունական աղօթքէն առաջ հանդիսապետ հայր սուրբը քարոզեց, փառք տալով Ամենակալին, որ հասած էին Իսքենտերուն։ Հայր սուրբը, Կեսարիոյ մէջ անդրադարձած էր հաւատացեալի խոստացուած գանձին մասին, իսկ այս անգամ Ս. Քառասուն Մանուկներու կեանքի օրինակով կ՚ընդգծէր մինչեւ վերջը հաւատքով համբերելու կարեւորութիւնը։ Բացատրելով Ս. Քառասուն Մանուկներու վարքը, հայր սուրբը ըսաւ. «Քառասուն զինուորներէն մէկը չդիմանալով նեղութեան, ուրացած էր Քրիստոսը եւ դուրս ելած՝ Սեբաստիոյ Սառ լիճէն։ Երբ իր մարմինի փրկութեանը համար այս փորձը կատարեց, թէ՛ կորսնցուց իր երկրաւոր կեանքը եւ թէ իրեն խոստացուած հոգեւոր գանձը։ Բոլորս Տիրոջ տնտեսներն ենք, որպէս քրիստոնեաներ ընդմիշտ պիտի շարունակենք մեր հաւատքը ապրիլ եւ ապրեցնել։ Բոլորիս վստահուած է գործել հաւատքով, որպէսզի արժանանանք աստուածային լուսապսակներուն, բան մը, որ վասն հաւատոյ նահատակուած Ս. Քառասուն Մանուկներու գլուխներուն վրայ յայտնուեցաւ»։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին Իսքենտերունի գերեզմանատան մէջ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի հանդիսապետութեամբ՝ ընդհանուր հոգեհանգիստ կատարուեցաւ։

Իսքենտերունի յետոյ, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան ընկերակցութեամբ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի եւ երէցկին՝ Հայկան Թապաշեանի այցելեց Քըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Այստեղ հոգեւոր հայրերը իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին։

Ուխտագնացութեան վերջին կայանը Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին էր, ուր սկսան գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւնները՝ հանդիսապետութեամբ Յարութիւն Աբեղայի եւ մասնակցութեամբ քհնյ. հայրերու եւ ուխտաւոր դպիրներուն։

Ուխտագնացութիւնը իր աւարտին հասաւ հսկման արարողութեամբ։ Հոգեւոր հայրերը յաջորդ օր օդային ճամբով վերադարձան Իսթանպուլ։

Հինգշաբթի, Մարտ 15, 2018