ՖՈՒԹՊՈԼԱՍԷՐՆԵՐԷՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մելքոն Թաշճըօղլուի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Հանգուցեալը մարզասէր շրջանակներէ ներս համբաւ կը վայելէր՝ որպէս «Վեֆա» մարզակումբի թունդ համակիր։ Երկար տասնամեակներ ան խրախուսած էր այդ ակումբի ֆութպոլի կազմը։

92 տարեկան հասակին կեանքէ հրաժեշտ առած Մելքոն Թաշճըօղլու 63 տարի շարունակ խրախուսած էր Վեֆայի ֆութպոլի կազմը։ Իր հրաժեշտի փուլին ակումբի շրջանակները երէկ փութացին իրեն նկատմամբ մատուցելու իրենց վերջին յարգանքը եւ երախտագիտութեան պարտքը։ Յուղարկաւորութեան մասնակցեցան «Վեֆա» մարզակումբի նախագահը, վարչայինները, ֆութպոլի կազմի մարզիչը, խաղացողները եւ այլ համակիրներ։ Հանգուցեալի դագաղին վրայ ծածկուած էր մարզակումբի դրօշը։

Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որ շրջապատուած էր հոգեւոր հայրերու կողմէ։ Հանգուցեալի մասին դամբանախօսեց Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան, որ կանգ առաւ անոր կեանքին ու այդ ամբողջին մէջ մարզակումբի զբաղեցուցած գերակշիռ տեղին վրայ, իր մշակած յարաբերութիւններով եւ վայելած դրական համբաւով հանդերձ։ Ներկայ էր նաեւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր։

Մելքոն Թաշճըօղլուի մահուան եւ յուղարկաւորութեան վերաբերեալ իրադարձութիւնները արձագանգ գտան նաեւ տեղական մամուլին մօտ։

Երեքշաբթի, Յունիս 15, 2021